ՊԱՔՈՒ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Չորեքշաբթի, Յունուար 11ին Ատրպէյճան գտնուող ԵԱՀԿի

Խորհրդարանական վեհաժողովի Ֆինլանտայի պատուիրակութեան ղեկավար Իլքա Քաներվա, ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ֆինլանտա կը գիտակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լրջութեան եւ այն հարցին, թէ այդ տագնապին չլուծուած ըլլալը բացասաբար կ՛ազդէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ»։
Ան աւելցուց, որ միջազգային հանրութիւնը չի գիտակցիր այդ հակամարտութեան լրջութեան, ուստի պէտք է հիմնախնդիրը դնել միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
«Միջազգային հանրութիւնը կրնայ աշխուժացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ Մինսկի խմբակի ջանքերը տակաւին սպասուած արդիւնքները չեն տար։ Պէտք չէ հակամարտութեան կարգաւորումը սահմանափակել միայն ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ձեւաչափով, միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի ներգրաւուած ըլլայ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, աւելի լաւ պատկերացում ունենայ այդ հիմնախնդիրին վերաբերեալ», նշեց Քաներվա։
Ֆինլանտացի երեսփոխանը աւելցուց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճանապարհով։ «Հակամարտութիւնը արդէն քսան տարի է ի վեր կը շարունակուի: Անհրաժեշտ է զայն կարգաւորել։ Հիմնախնդիրի վերաբերեալ տեղեկացուածութեան մակարդակը բարձրացնելն ու հաղորդակցման համար այլ հարթակներ օգտագործելը կրնան օժանդակել բանակցային գործընթացին եւ այդ հարցը լուծելուն», ըսաւ Քաներվա: