ԼԱ ՀԷՅ, «Արմէնփրէս».- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Յունուար 10ին, Թուրքիոյ դէմ դատ բացած 13 կիպրացի յոյներուն ի նպաստ վճիռ մը արձակած է՝ պահանջելով Թուրքիոյ իշխանութիւններէն որ 20 միլիոն եւ 830 հազար եուրոյի վնասուց հատուցում տրամադրեն անոնց:
Բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի հարցով մրցանիշ հաստատող այս վճիռը արդիւնք է դատ բացած կիպրացի յոյներու այն պնդումներուն, թէ 1974ին տեղի ունեցած հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը պատճառ դարձած է, որ նշեալ 13 քաղաքացիները զրկուին իրենց բնակարաններէն եւ անշարժ այլ կալուածներ օգտագործելու իրաւունքէն: