ԵՐԵՒԱՆ, «Առկա».- Հայաստանի մէջ դիմատետրէն (ֆէյսպուք) օգտուողներուն թիւը 1 Յունուար 2012ի տուեալներով հասած է աւելի քան 242,100ի, որ կը կազմէ երկրի բնակչութեան 7,4 առ հարիւրը։
2011ի տուեալներուն համաձայն, նախորդ տարուան ցուցանիշին համաձայն, Հայաստանի մէջ դիմատետրէն օգտուողներուն թիւը աւելցած է 2,3 անգամ։
Հասարակական ցանցէն օգտուողներու թիւով Հայաստան գրաւած է 114րդ դիրքը աշխարհի 213 երկիրներու մէջ։
Տուեալներուն համաձայն, հասարակական ցանցի ներթափանցումը կը կազմէ Հայաստանի բնակչութեան ընդհանուր թիւի 8,16 տոկոսը կամ համացանցէն օգտուողներու թիւի 116,3 տոկոսը, աւելի աշխոյժ են կիները (52 առ հարիւր), իսկ տարիքային առումով՝ աւելի աշխոյժ են 18-35 տարեկանները (օգտուողներու 66 առ հարիւրը), աշխոյժ են յատկապէս 18-24 տարեկան երիտասարդները (օգտուողներու 37 առ հարիւրը):