ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի «Եղնիկներ» զօրամասի ժամկէտային զինուորական ծառայող Ժորա Մկրտչեան, որ 27 Սեպտեմբեր 2011ին հոգեկան խանգարումով տեղափոխուած էր Երեւանի զինուորական հիւանդանոցի հոգեբուժական բաժանմունք, Դեկտեմբեր 9ին զինուորական ծառայութենէ զերծ կացուցուած է:
Զինուորի հայրը յայտարարած է, որ իր բողոքը պիտի վերցնէ: Այնուհանդերձ պաշտպանութեան նախարարի քննչական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ քրէական գործ յարուցուած է, նախաքննութիւնը կ՛ընթանայ եւ գործը դատարան պիտի երթայ:
Նշենք, որ զինուորին հօր՝ Մկրտիչ Մկրտչեանի խօսքերով, Ժորան հոգեկան խանգարում ունեցած է իրեն հետ ծառայողներուն կողմէ խոշտանգումի եւ ծաղրանքի ենթարկուելուն պատճառով։