ԵՐԵՒԱՆ, ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».- Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ, Չորեքշաբթի, Յունուար 11ին ելոյթ ունեցած են Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթէչեան եւ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, որոնք պատասխանած են ծերակուտականներու հարցումներուն:
Հայկական դիւանագիտական աղբիւրներ աւելի ուշ յայտարարեցին, թէ թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ այս լուրը հաղորդելու ընթացքին նշած են, որ երկու դեսպաններուն միջեւ նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է. հայկական աղբիւրները աւելցուցին, թէ հանդիպման մասին լուրը «իրականութեան չի համապատասխաներ» եւ թէ նախքան Ֆրանսայի Ծերակոյտին ներկայացուած Ցեղասպանութեան բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւնը՝ հայ եւ թուրք դիւանագէտներու միջեւ հանդիպումներ տեղի պիտի չունենան:
Միւս կողմէ՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան Երեքշաբթի օր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Ֆրանսայի Ծերակոյտը որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քննարկել Յունուար 23ին։ «Այսօր (Յունուար 10ին) Ծերակոյտի վարչական խորհուրդը, որ Ծերակոյտի օրակարգերը կ՛որոշէ, այսինքն՝ դիւանը, հաստատեց, թէ ամսուն 23ին է (օրինագիծին քննարկումը)», ըսաւ Վարժապետեան։
Ըստ անոր, հարցը պէտք է քննարկուէր Յունուար 24ին, սակայն որոշուած է քննարկումը մէկ օր առաջ սկսիլ, «որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենան քննարկելու եւ քուէարկելու, եւ այդպիսով՝ քննարկումը վերջին օրուան չի մնար»։ Ան հաստատեց, որ հարցը պաշտօնապէս Ծերակոյտի օրակարգին վրայ է եւ քննարկման ու քուէարկութեան օրն իսկ նշանակուած է։
Ինչ կը վերաբերի Ծերակոյտին մէջ օրինագիծի թեր ու դէմ ձայներու յարաբերակցութեան պատկերին՝ Վարժապետեան յայտնեց. «Ներկայ դրութեամբ, մեր հաշուարկներով եկած ենք այն եզրակացութեան, որ թէ՛ իշխող աջակողմեան կուսակցութեան, թէ՛ ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան մօտ երկու կողմերուն միջեւ որոշ համախոհութիւն կայ, եւ 65 առ հարիւրով, այսօրուան դրութեամբ, կրնայ թեր քուէարկուիլ։ Սակայն միշտ ալ, անշո՛ւշտ, քաղաքական կեանքին մէջ վերիվայրումներ կրնան պատահիլ, եւ վերջին պահուն քաղաքական ինչ-ինչ ճնշումներով եւ ինչ-ինչ հաշիւներով՝ կրնան փոփոխութիւններ կատարուիլ։ Սակայն ներկայ պահու դրութեամբ՝ 65 առ հարիւրով թեր պիտի քուէարկուի եւ, կը կարծեմ, որ օրէնքը պիտի վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտին մէջ»:
Նշենք, որ Անգարա Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ նշեալ օրինագիծի որդեգրման կտրուկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ, եւ այժմ ջանքեր կը գործադրէ՝ Ծերակոյտին կողմէ անոր որդեգրումը կանխարգիլելու համար։ Այդ ծիրէն ներս, ցուցադրաբար Ֆրանսայէն հեռացած եւ երկու շաբաթ ետք Փարիզ վերադարձած Թուրքիոյ դեսպանը հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ծերակուտականներու խմբակցութեան անդամներուն հետ՝ կրկնելով բազմիցս օգտագործուած այն սպառնալիքները, թէ օրինագիծին վաւերացումը «մեծ վնաս» պիտի պատճառէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն:
Յայտնենք, թէ բանաձեւին քննարկումը ուղղակի պիտի սփռուի Ֆրանսայի Ծերակոյտի պաշտօնական կայքէն՝ http://videos.senat.fr/video/seance_direct.html: