ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2005ին «Լարք» երաժշտանոցի անդամներուն ջանքերով մէջտեղ եկած «Դիլիջան» համերգաշարին 2011-2012 տարեշրջանի չորրորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 15ին, կ.ե. ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.):
Համերգին ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հնչէ Տիգրան Մանսուրեանի լարային վեցեակի «Քոն Անիմա» ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ Ալֆրետ Շնիթքէէն լարային եռեակ մը (1985) ու Եոհանս Պրամզի լարային վեցեակ մը (No. 2, Op. 36):
Առաջին անգամ ըլլալով, վերոյիշեալ համերգին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Նիւ Եորք հաստատուած, մրցանակակիր թաւ-ջութակահար Անի Գալայճեանը, ինչպէս նաեւ «Դիլիջան»ի անուանի ջութակահարներ Իտա Լեւին եւ Մովսէս Պօղոսեան, ջութակահարներ Քարլա Մարիա Ռոտրիկեզ ու Ռապըրթ Պրոֆի եւ թաւ-ջութակահար Անթոնիօ Լիսի:
Տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել http://dilijan.larkmusicalsociety.com/tickets.php. կայքը կամ դիմել DilijanMusic@gmail.com հասցէին ու (818) 500-9997 թիւին: