
ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Հարաւային Ամերիկայի ՀԲԸՄը որոշած է ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբի բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի անունով կոչել Պուենոս Այրեսի իր թատերախումբը՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Սաթամեան քանի մը առիթներով թատերական գոծեր բեմադրած է այդ խումբին հետ:
Սաթամեան եղած է ՀԲԸՄի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին արուեստի բաժանմունքի վարիչը՝ անոր հետ ելոյթներ ունենալով Հայաստանի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Կիպրոսի մէջ: 1978էն ի վեր ան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է եւ թատերական խումբեր կազմած է Պոսթընի, Տիթրոյիթի, Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր ան հաստատուած է 1988էն ի վեր:
Ան ելոյթներ ունեցած է նաեւ ամերիկեան թատերական եւ շարժապատկերի գործերու մէջ: