ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնը վերջերս 1000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութեան հովանիին տակ գործող Քրեսենթա հովիտի ոստիկանական բաժանմունքին՝ նկատի ունենալով շրջանին մէջ անոր տարած սպասարկութեանց կարեւորութիւնը:
Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնի ատենապետ Արիկ Գէորգեան կը յայտնէ, թէ այս քայլը շրջանի հայ համայնքին երախտագիտական զգացումներուն փոխանցող շնորհակալութեան համեստ արարք մըն է, որ կը կատարուի այն օրերուն, երբ քաղաքացիին սպասարկութիւններ տրամադրող մարմինները ամավարկի կրճատումներ կը դիմագրաւեն:
Ոստիկանական բաժանմունքը շնորհակալութիւն յայտնած է այս նուիրատուութեան համար: