Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Դ. պատրիարքին տնօրինումով, համայնքի Լոս Անճելըսի առաջնորդը՝ Ժոզէֆ եպիսկոպոս, արքութեան տիտղոսին արժանացաւ Դեկտեմբեր 11, 2011ին։
Կիրակի, Յունուար 8ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի Ս. Նիքոլաս եկեղեցւոյ մէջ, այս առիթով տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ եղաւ պատարագին ու անոր յաջորդած ճաշի ընդունելութեան, եւ փոխանցեց առաջնորդին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։ Ժոզէֆ արքեպիսկոպոս, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ իր ներկայացուցիչով մասնակից եղաւ արարողութեան ու ընդունելութեան։