
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշած է Կլենտէյլի Քաղաքացիական սպասարկութեան յանձնաժողովի անդամ դարձնել իրաւագէտ Կարօ Ղազարեանը, որ պիտի փոխարինէ Արա Հաթամեանին, յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:
Ղազարեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ նախապէս երկու առիթներով քաղաքապետ Ռաֆֆի Մանուկեանի կողմէ, որ քաղաքապետական խորհուրդին ներկայացուց Ղազարեանի իրաւագիտական իրագործումները եւ համայնքէն ներս անոր յատկանշական գործունէութիւնը:
Անոր թեկնածութիւնը երկրորդած է Ֆրենք Քուինեթրօ, մինչ անոր նշանակման ի նպաստ արտայայտուած է Արա Նաճարեան: Իր կարգին, քաղաքապետ Լորա Ֆրիտմըն յայտնած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ նախապէս ծանօթ չէր Կարօ Ղազարեանին, անոր իրագործումները յոյժ տպաւորիչ կը գտնէ:
Յայտնենք, թէ Կարօ Ղազարեան նաեւ տնօրէնն է Լոս Անճելըսի Իրաւագիտութեան ժողովրդային համալսարանին, ուր ան դասաւանդած է վերջին 17 տարիներուն՝ իբրեւ մասնագիտութիւն ունենալով քրէական օրէնքները: Ան նաեւ փոխատենապետն է Հայ իրաւաբաններու միութեան եւ կ՛անդամակցի շարք մը այլ կազմակերպութիւններու:
Հայ իրաւաբաններու միութեան ատենապետ Էտվին Մինասեան ողջունեց Կարօ Ղազարեանի նշանակումը՝ դրուատելով համայնքէն ներս անոր սպասարկութիւնները: