
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեւանի Պետական Համալսարանի «Երիտասարդ համալսարանականներու միաւորում» կազմակերպութիւնը Յունուար 19ին կազմակերպած էր երթ դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ նուիրուած Պաքուի հայութեան ջարդերու եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան յիշատակին: ԵՀՄ նախագահ Գէորգ Մելքոնեանի համաձայն, Պաքուի հայութեան ջարդերը Սումկայիթի մէջ սկիզբ առած հայերու ջարդերուն շարունակութիւնն էին, որոնք այնուհետեւ շարունակուեցան Մարաղայի մէջ: «Եթէ միջազգային հանրութիւնը ժամանակին քաղաքական գնահատական տար եւ դատապարտեր Սումկայիթի եւ Պաքուի հայութեան ցեղասպանութիւնը, ապա մենք 2007ին ականատեսը չէինք լինի Հրանդ Տինքի սպանութեանը: Ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Սումկայիթի կոտորածները, ինչպէս նաեւ «Ակօս» թերթի խմբագրի սպանութիւնը կատարուեցին միայն այն պատճառով, որ հայ էին: Ցաւօք հակահայկական թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութիւնը շարունակւում է», ըսաւ Գէորգ Մելքոնեան: