
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարար Նարինէ Ասծատրեանի հետ Յունուար 20ին կայացած զրոյցին ընթացքին, վերջինս նշեց, թէ անցեալ տարի ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուած է 50 ծրագիր՝ 16 միլիառ 800 միլիոն դրամ գումարի չափով:
Նախարարը նշեց, որ տարին աւարտած են առանց հասարակական պարտաւորութիւններու: 2011ին, ըստ Ասծատրեանի, հասարակական պաշտպանութեան քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակները եղած են ժողովրդագրական վիճակի բարելաւումը, քաղաքացիի կենսագործունէութեան համար բնականոն պայմաններու ստեղծումը, հասարակական բեւեռացման մեղմացումը, կենսաթոշակի ապահովման համակարգի կատարելագործումը եւ այլն:
Նոյն տարուան ընթացքին փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարուած են շարք մը գործող օրէնքներու մէջ: «Հիմնական աշխատանքն ուղղուած է եղել կենսաթոշակային բարեփոխումների նախապատրաստմանը, ինչի արդիւնքում տարեվերջին ունեցանք պետական կենսաթոշակների մասին նոր օրէնք, որի կիրառման հետեւանքները զգալու ենք 2014ին», յայտնեց Ասծատրեան:
Խօսելով այս տարուան ընթացքին իրականացուելիք ծրագիրներուն մասին՝ նախարարը նշեց, որ 2012ին պիտի շարունակուին բոլոր այն ծրագիրները, որոնք գործած են 2011ի ընթացքին: «Կեանքի կը կոչուեն նոր ծրագրեր, որոնք կ՛առնչուեն զբաղուածութեան ոլորտին եւ ուղղուած կը լինեն իրականացուող պետական քաղաքականութեան աշխուժացմանը», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ 2012ին հասարակական պաշտպանութեան ոլորտի ծրագիրներուն համար նախատեսուած է 18.3 միլիառ դրամ: