
ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- ֆրանսական «Le Monde» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ թուրք յայտնի պատմաբան, հրա-պարակախօս Թաներ Աքչամ յայտնեց, թէ հակառակ անոր, որ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան հերքումը դատապարտող օրինագիծը սկզբնական փուլին Թուրքիոյ մէջ բացասական արձագանգ յառաջացուց, սակայն անոր երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը դրական պիտի ըլլայ:
«Թուրքիոյ ջղագրգռութիւնը, բարկութիւնը եւ պոռթկումները պիտի անցնին, պիտի մոռցուին նաեւ բացասական տրամադրութիւնները: Պիտի մնայ միայն դառն իրականութիւնը եւ չլուծուած խնդիրի զգացումը», ըսաւ Աքչամ:
Անոր կարծիքով, այդ իրականութիւնը Թուրքիոյ մէջ պիտի զօրացնէ այն մտաւորականներուն դիրքերը, որոնք կը կարծեն, թէ թրքական պատմութեան հետ առերեսուիլը անհրաժեշտ է ժողովրդավարական հասարակութեան կառուցման գործին մէջ:
«Իւրաքանչիւրը պէտք է հասկնայ, որ 1915ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը նպատակադրուած քաղաքականութեան արդիւնք էր: Թուրքիան տարիներու ընթացքին կը փորձէր ատիկա պահել «գորգի տակ» եւ ձեւացնել, թէ ոչինչ տեղի ունեցած է՝ յոյս ունենալով, որ աշխարհի յիշողութիւնը կարճ է, եւ այդ բոլորը պիտի մոռցուին», նշեց Աքչամ:
Պատմաբանը համոզում յայտնեց, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ ժխտողական իր քաղաքականութիւնը, սակայն այդ քաղաքականութիւնը կրնայ փոփոխուիլ միջազգային ճնշումին հետեւանքով: «Վերջիվերջոյ այդ ճնշումը պէտք է աւելնայ», ըսաւ Թաներ Աքչամ եւ աւելցուց. «Իսկ քանի որ Արեւմուտքը վճռական է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման գծով, ուստի չի կրնար հանդուրժել պետական ժխտողական վարչաձեւը»:
Աքչամ նաեւ նշեց, թէ իրականութեան մէջ ցեղասպանութեան ճանաչումը, ըստ էութեան՝ արդարութեան հարց է, այլ ոչ թէ միտքի ու այտայայտուելու ազատութեան խնդիր: Անոր կարծիքով, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով՝ հայկական Սփիւռքին եւ թրքական քաղաքացիական հասարակութեան ջանքերը պէտք է միասնական ըլլան: