
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- «ԱՊՀ երկիրներու երիտասարդական միութիւն» կազմակերպութեան համաձայն, Փետրուար 2ին Հայաստանի մէջ պիտի բացուի «Փութին» ակումբը:
«Ակումբի ստեղծման նպատակը հայ-ռուսական յարաբերութիւնների, ընդհանուր պատմութեան եւ յաղթանակների, Եւրազէս միութեան ստեղծման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերնդի դաստիարակութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահի թեկնածու, վարչապետ Վլատիմիր Փութինի գաղափարների ժողովրդականացումն է: Հայաստանցի երիտասարդներից ստացուած առաջարկներից ելնելով՝ պարզ է դառնում, որ այն մեծ համակրանք ունի Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ, նախ եւ առաջ, այն պատճառով, որ նրան յաջողուել է ընդգծել կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնները եւ ճիշդ շեշտադրութիւն դնել երկու պետութիւնների միջեւ յարաբերութիւններում», նշուած է կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։ Անոր համաձայն, «Փութին» ակումբը պիտի տեղակայուի Հայաստանի մէջ գտնուող Ռուսական գիրքերու տան մէջ, իսկ հանրութիւնը կարելիութիւն պիտի ունենայ օգտուելու Վլատիմիր Փութինի մասին պատմող գրականութենէն, դիտելու անոր մասին վաւերագրական ժապաւէններ, քննարկումներ իրականացնելու Վլատիմիր Փութինի գաղափարներու, սկզբունքներու եւ ծրագիրներու շուրջ:
«Փութին» ակումբը պիտի ունենայ ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներով իր կայքը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար գրքոյկներ եւ ամսագիրներ պիտի տպագրէ Վլատիմիր Փութինի մասին: