
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, Փետրուար 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Հրանդ Աճէմեանի 50ամեայ մշակութային ծառայութեան առիթով մեծարանքի հանդիսութիւն մը:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Բարսեղ Գարթալեան, Կարօ Պետրոսեան ու Վաչէ Սեմերճեան, ինչպէս նաեւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը:
Մեծարանքի սոյն հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ (3325 Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504):