ՊՈԼԻՍ.- Թրքական օրաթերթերու մեծամասնութիւնը վերջին երկու օրերուն անդրադարձաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման որոշումին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշի յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ օրինագիծի որդեգրումին վերաբերեալ ֆրանսական կարգ մը օրաթերթերու անդրադարձին։
«Հիւրրիյէ»չ, «Թիւրքիյէ» եւ «Սապահ» թերթերը, մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնները՝ շեշտեցին, որ ան օրինագիծը «անարժէք եւ անվաւեր» նկատած է։ «Անիկա Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամութեան մը վրայ հիմնուելով՝ քուէներ շահելու փորձ է։ Օրինագիծը անարդար է թէ՛ ֆրանսական եւ թէ եւրոպական պատմութիւններուն համար», ըսած է Էրտողան։
«Թիւրքիյէ»ն կը հաղորդէ, որ Պաղըշ ըսած է. «Մենք Եւրոպան փրկելու ընթացքի մէջ ենք։ Թուրքիա այսօր աւելի քան երբեք վճռակամ է Եւրոմիութիւն մուտք գործելու։ Թուրքիա Եւրոմիութիւնը աւելի հզօր պիտի դարձնէ»։
Ըստ «Ճիւմհիւրրիյէ»չի, ֆրանսական «Փարիզիըն» թերթը գրած է, որ Ֆրանսա «ռազմավարական գործընկեր» մը կորսնցնելու վրայ է, իսկ համայնավարական «Լ՛Իւմանիթէ» օրաթերթը նշած է, թէ օրինագիծին որդեգրումէն ետք, Թուրքիա շարունակ Ֆրանսայի պիտի հակադարձէ։
Միւս կողմէ՝ «Միլլիյէ»չ օրաթերթը կը նշէ, որ օրինագիծի որդեգրումը հաւասարապէս Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յաղթանակն է։ Օրաթերթը կը գրէ. «Վերջին տարիներուն, երբ օտար երկիրներ ցեղասպանութեան մասին որոշումներ որդեգրեցին, մենք բաւարարուեցանք քննադատական փոքր ուղերձ մը յղելով։ Այդ իսկ պատճառով, ոչ մէկ երկիր կը խուսափի Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան կօլ նշանակելէ։ Գիտեն, որ Թուրքիա քիչ մը յոխորտալէ ետք՝ պիտի ընդունի նուաստացումը։ Մենք միջազգային գետնի վրայ մինչեւ իսկ չորս միլիոննոց Հայաստանի կշիռքը չունինք։ Ցաւալի է, բայց՝ իրա՛ւ»։