Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա քհնյ. Իսայեանի, Վենքուվըրի Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գեղարդ Ա. քհնյ. Կարապետեանի, սարկաւագաց եւ դaՕծում Սիաթըլի Հայց. Եկեղեցւոյ
պրաց դասերու, Շաբաթ, Յունուար 14ին, կ.ե. ժամը 1:30ին, օծումը կատարեց Սիաթըլի առաջին Հայց. եկեղեցւոյ՝ զայն անուանելով Ս. Յարութիւն եկեղեցի:
Օծման հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին Սիաթըլի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մինա, շրջանի հոգեւոր հովիւ Անճելըս քահանայ Սարգիս, Սիաթըլի Ս. Անդրէաս եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Թերրի Սթիկ եւ Վենքուվըրի ու Փորթլընտի եկեղեցական պատկան մարմիններ:
Աւելի քան 300 հաւատացեալներ ներկայ գնտուեցան օծման արարողութեան: Առաջնորդը ընթերցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ղրկած պատգամը եւ յայտնեց, որ վեհափառը 2013ի իր հովուապետական այցի ժամանակ պիտի օծէ եկեղեցւոյ Մայր սեղանը:
Սրբազան հայրը խօսեցաւ հոգեւոր տաճարի կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ մեր Աղօթքի տան՝ տեսանելի եկեղեցւոյ մասին, եւ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա քհնյ. Իսայեանի գլխաւորութեամբ, Սիաթըլի Հայ համայնքը անցնող տարիներու ընթացքին, շնորհիւ տարբեր վայրերէ եւ յատկապէս Պաքուէն ներգաղթած հաւատացեալներու համատեղ ջանքերուն՝ հոգեպէս յարութիւն առած էր, զօրացած հաւատքով եւ հաստատակամութեամբ լծուած էր եկեղեցաշինութեան նուիրական առաքելութեան՝ աւարտելու համար կառուցումը հայկական ոճով Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ:
Սրբազանը իր բարձր գնահատութիւնը յայտնեց տէր հօր, Ծխական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, շինութեան յանձնախումբին, կնքահայրերուն, յարակից կազմակերպութիւններուն եւ համայն հաւատացեալներուն՝ իրենց անձնուէր ծառայութիւններուն համար, եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Աւարտին սրբազանը յատկապէս անդրադարձաւ տէր հօր հոգեւոր ծառայութիւններուն եւ զինք պարգեւատրեց լանջախաչով եւ մանրանկարով:
Օծման արարողութեան աւարտին, երեկոյեան ժամը 6ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր: Սրբազանը, ընդառաջելով ծուխի հոգեւոր հովիւին ու ծխական խորհուրդի խնդրանքին՝ առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն ներս նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող հետեւեալ հայորդիները՝ դոկտ. Լեւոն սրկ. Էսիպով, վկայեալ հաշուապետ Եուրի Ակոբեան, դոկտ. Մինաս Դանիէլեան, եւ իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց:
Կիրակի, Յունուար 15ին, առաջնորդը նորաօծ Ս. Յարութիւն Հայց. եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց անդրանիկ Ս. պատարագը եւ քարոզեց: Պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը հաւատացեալներու թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքին զետեղուած խաչքարը, ուր ան կատարեց եկեղեցւոյ ձօնուած խաչքարին նուիրագործումը: Խաչքարի բարերարներն են Եուրա եւ Մարիամ Թադեւոսեաններ: