ԳԻՒՄՐԻ, «Երկիր».- Գիւմրիի մանկավարժական ուսումնարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի տնօրէն, Մարմարաշէն գիւղի բնակիչ Արտաշէս Մկոյեանը ազատ արձակուած է: Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, զայն ազատ արձակած են՝ բանտարկութիւնը տունէն չհեռանալու պայմանով փոխարինելով։
Յիշեցնենք, որ իրաւապահները կը կասկածէին, թէ փիլիսոփայութեան դոկտորը ուսանողի հետ գործարքի մէջ մտնելով՝ քննութիւններն ու համապատասխան նիշերը տալու համար պահանջած եւ ստացած է 150 հազար դրամ: