
ԵՐԵՒԱՆ.– Յունուար 31ին մահացած է հանրածանօթ աղբիւրագէտ, գրականագէտ, վաստակաւոր լրագրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութեան հիմնադիր անդամ Գրիգոր Գոյումջեան: Սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան գիտակ Գ. Գոյումջեան 90ական թուականներէն աշխատած է Երեւանի Պետական համալսարանի ժուռնալիսթիքայի բաժանմունքին մէջ:
Փետրուար 1ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի հաւաք: