«Հողը Կը Ծախուի՞»
Հեղինակ՝ Վեր. Յովհ. Մ. Սարմազեան
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Վեր. Յովհաննէս Մ. Սարմազեանի պատմուածքներու հատորը գրական հետաքրքրական գործ մըն է, որ վրիպած էր մեր ուշադրութենէն։
– Ինչո՞ւ,- հարց պիտի տան մեր ընթերցողները։ Որովհետեւ մեզի պէս յառաջացած մշակութասէր հասարակութիւն մը, ցարդ չէ կրցած արդիական համակարգ մը ստեղծել՝ գրող իր զաւակներուն գիրքերը տարածելու եւ ընթերցող հասարակութեան հասցնելու համար, իսկ իր փրկութիւնը իր կաթողիկոսներէն կը սպասէ… իրողութիւն մը, որուն կ՛արժէ անդրադառնալ։

1993ին, երբ Հայ կաթողիկէ «Մասիս» ամսաթերթի խմբագիր հայր Անդրանիկ Կռանեանի հետ Անթիլիասի վեհարանը հրաւիրուած էինք, Կիլիկեան աթոռի գահակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիպելու, առիթէն օգտուելով՝ գործնական հետեւեալ առաջարկութիւնը ներկայացուցինք ներհուն մտաւորականի ու գրողի արժանիքներով օժտուած հոգեւոր հայրերուն։
«Որպէսզի սփիւռքեան զանազան գաղութներու մէջ լոյս տեսնող գիրքերը տարածում գտնեն եւ սփիւռքահայ գրողներու միջեւ եղբայրակցութիւն ստեղծուի՝ տարին մէկ կամ երկու բեռնարկղ (container) հայերէն հրատարակութիւն փոխանակել Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն միջեւ, գրասէր գործարարներու հովանաւորութեամբ ու անոնց նախաձեռնութեամբ»:
Վերադարձիս, նոյն թեման արծարծեցի հայկական գրատուներու, հրատարակչականներու տնօրէնութեանց ու ծանօթ գրող մտաւորականներու հետ, ու բոլորն ալ խանդավառութեամբ ողջունեցին գիրքեր փոխանակելու ծրագիր-առաջադրութիւնը։
Մշտարթուն ընթերցողը հիմա հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ չիրագործուեցաւ մշակուած փրկարար ծրագիրը։
Այսօր, ծանօթ իրողութիւն է, թէ բացի Հրանդ Սիմոնեանի ու Նաթելլա Լալաբեկեանի նման «մտաւորական խենթերէն», հայ գրողին մէկ «սեն»չ չի վստահիր հայ բարերարը։
Նոյնիսկ, Ցեղասպանութեան զոհերուն հաշուոյն ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ բացուած դատերէն ձեռք բերուած գումարները գացին ընտրեալներու որոշ խաւի մը քսակը լեցնելու։
Իրօք, հայ բարերարը իր քսակը լայն կը բանայ միայն ու միայն հայ կղերին առջեւ, որովհետեւ Կոնդակը, Շքանշանը եւ Դրախտի Բանալին անոր ձեռքը կենդրոնացած են։ Կայ նաեւ ուրիշ պարագայ մը։ Գուցէ այդ շրջանին շատ միամիտ եւ անուղղայ իտէալիստ մըն էի չխորաչափելու համար տրուած խոստումի մը ու անոր գործադրութեան միջեւ կանգնող վիհը։
Գարեգին վեհափառին արժանաւոր յաջորդը՝ Արամ կաթողիկոս, 2012ը «Հայ Գիրքի Տարի» հռչակեց։ Գաղտնիք ալ չէ, թէ առանց հայ գրողին, հայերէն գիրք կարելի պիտի չըլլար պատկերացնել։ Կը մնայ տեսնել, թէ Կիլիկիան աթոռին աշխոյժ ու գործունեայ գահակալը, բարերար իր բարեկամներու բարի կամեցողութեան վրայ յենած՝ քանի՞ անուն անտիպ հատորներ պիտի հրատարակէ, եւ քանի՞ գրող գնահատանքի պիտի արժանացնէ՝ անսալով հանրայայտ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի օգտակար խորհուրդներուն։
Քիչ մը երկար մեր մուտքէն ետք, վերադառնալով յարգելի վերապատուելիի արձակ հատորին՝ առաջին ակնարկով այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ անոր փորձածը գիւղագրութիւն է, եւ թէ ծննդավայր Քեսապին սրտառուչ պատմութիւնը կը հիւսէր՝ դեգերելով իր մանկութեան բնաւ չխամրող յիշատակներու ուղիներով։ Սակայն երբ ընթերցողը հատորին բովանդակութեամբ կը կլանուի, ան յանկարծ ուշքի կու գայ, թէ մանկական յիշատակներէն ալ անդին տարածուող խորապատկերին վրայ, հէգ գրողը իրեն սերնդակից քեսապցիներու ապրած լուռ ողբերգութիւնը կու տայ՝ իրենց ծննդավայրէն ակամայ հեռացումը սրտակեղեք ոճով եւ հոգեխռով յուզականութեամբ պատկերելով ու անոնց ցաւի ճիչերուն թարգմանը դառնալով։
Սարմազեան գրողը, հակառակ հոգեւորական իր կոչումին՝ բարեբախտաբար իր գիրքի երկայնքին կը խուսափի բարոյախօսելէ, առարկայական յուզիչ պատկերներով տալէ իր մանկութիւնը, որ թէեւ իր սերնդակիցներէն շատերուս նման զրկանքներով ու կանուխէն ծանր աշխատանքի լծուելու պարտադրանքով կը յատկանշուի, սակայն ան կը պահէ իր լաւատեսութիւնը, ու որպէս վարձատրութիւն մարդկային հոգիի խորութիւններուն հասնելու իր ճիգերուն՝ կը փորձէ համագիւղացի ընկերներուն հետ ապրած ուրախ պահերու յիշատակները փոխանցել անարեւ իր մանկութենէն, փոխանակ լալկանութեամբ ու ողբով խաթարելու հատորին փոխանցելիք ընթերցանութեան հաճոյքը։
Ի դէպ, խոստովանիմ, թէ սկաուտական խումբով Քեսապ բանակումի գացած ըլլալուս պարագան ու ծանօթութիւնս տեղական բնանկարին, գուցէ սոյն հատորին ընթերցումը աւելի հարազատ, հեզասահ ու հաճելի դարձուցին։
Պատմուածքներէն ցայտքող ցնցիչ պատկերներէն քանի մը հատը վերյիշելով՝ կ՛ուզէի վեր առնել գիրքին ներկայացուցած համամարդկային արժանիքը։
Հեղինակը տան անդրանիկն է. օր մը մայրը իրենց բանջարանոցէն վերադառնալով՝ ցասումով լեցուած տնեցի տղամարդոց կը յայտնէ, թէ եղնիկները, «այդ ճանաւարները» փճացուցած էին իրենց սնունդի կռուաններէն գլխաւորը հանդիսացող բանջարանոցը։ Գիրքին հեղինակը՝ այն ատեն տակաւին 13 տարու պատանի, կը զինուի ու ամբողջ գիշերը առանձինն պահակ կը կենայ ամայի, անմարդաբնակ բանջարանոցը՝ ներսիդին ահ ու սարսափ ապրելով։ Կէս գիշերէն ետք կիսաքուն վիճակի մէջ, խշշոց մը կը լսէ, որսորդական զէնքը խշշոցին կողմը կ՛ուղղէ ու կը քաշէ բլթակը՝ ինքնակոչ հիւրը փախուստի մատնելով…
Յաջորդ առաւօտ հօրը հետ կը խուզարկեն բանջարանոցին շրջակայքը ու կը հանդիպին արեան հետքերու, որոնք հայր ու որդի Սարմազեանները կռնակի վրայ պառկած էգ եղնիկի մը արիւնլուայ դիակին կ՛առաջնորդեն։ Բայց այսքանը պարզ ու անպաճոյճ գիւղագրութեան սահմանին մէջ պիտի մնար, եթէ գիրքին հեղինակը չյիշէր սիրտէն խոցուած այդ արուին ցաւալի պարագան, որ գիւղին նայող բարձունքէ մը ամէն գիշեր ժամերով կ՛ոռնար ու ողբը կը հիւսէր նահատակուած իր սիրուհիին։ Դժբախտ արուին ողբը, պատանի որսորդին սրտին ու խղճին մխուելով՝ կէս դարու հեռաւորութենէն տակաւին կսկիծով ու խղճահարութեամբ կը խոցէ անոր էութիւնը:
Այս պահուս, նոյն տիպի ուրիշ դէպք մը եւս գրչիս տակ կ՛իյնայ։ Սարմազեանենց դրացիները Հայաստան կը ներգաղթեն։ «Ներգաղթը խնձորի պէս կիսեց մեր գիւղը»… Բնական է, որ մեկնողները իրենց ետին թողուն տան շունն ու կատուն, որոնք սգաւոր զգացումով համակուած՝ կը մերժեն զիրենք կերակրելու համար երկարող գթառատ ձեռքերը։ Ու իրենց ողբին ու խոր վիշտին մէջ, կաշի-ոսկոր դարձած՝ կը սատկին… Երբ այս կտորը կ՛ընթերցէի, իմ կարգիս՝ յուզումս չկրցայ զսպել։ Կարծես անբան անասունները մարդոց չափ եւ գուցէ անոնցմէ աւելի կը զգան հողին ու կտուրին կորուստը, երբ գիւղին խրճիթները անտէր մնալով՝ խոնաւութենէն ու տանիքէն կաթկթող անձրեւի կաթիլներէն փուլ կու գային:
Ո՛ր կողմէն ալ մօտենանք, «Հողը Կը Ծախուի՞» հատորը գրական յաջող գործ մը կարելի է համարել, անոր հեղինակը առանց նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ յատուկ ճիգ գործադրած ըլլալու եւ տաղանդաւոր գրողի հովեր առնելու։ Երբեմն անյաւակնոտ գրողները աւելի ատակ են մնայուն գործեր տալու, քան ուռուցիկ իրենց ոճով հրապարակը աղմկողները:
Գիրքին խորագիր ծառայող պատմուածքին հերոսը՝ Մուսա Ամմին է, որուն մէկ հատիկ որդին գրպանը 60 տոլարով Գանատա հասնելէ ետք, չարքաշ աշխատանքով բարեկեցիկ կը դառնայ ու տարիներ ետք ծնողքը Գանատա կը հրաւիրէ՝ սրտին ծանրացող կարօտը մեղմելու։ Մօրը մեղսակցութեամբ, որդին արդէն որոշած է գանատական անհոգի ու սրընթաց կեանքէն արդէն իսկ կշտացած ու զզուած հայրը օրօրել եւ անոր զլանալ հօրենական հող ու տուն վերադարձի մը բերկրանքը։ Անոնք դիտմամբ կ՛երկարաձգեն անոր Գողգոթան, ու օր մը տղան հօրը կը դիմէ սառնասիրտ սա առաջարկութեամբ.
– Հայրի՛կ, ի՛նչ կ՛ըսես, եկուր Քեսապի մեր տունն ու հողը ծախենք եւ այստեղ ագարակ մը գնենք։
– Հողը կը ծախուի՞… պապենական հողն ու տունը չի ծախուիր, տղա՛ս,- կը պատասխանէ հէգ Մուսա Ամմին։ Սակայն հակառակ հօրը ընդդիմութեան, գաղտագողի, մայր ու որդի կը վաճառեն հօրենական հողն ու տունը։ Երբ Մուսա Ամմին քիչ ետք գոյժի մը ծանրութեամբ կ՛առնէ վաճառման զգետնող լուրը, սրտի կաթուածով յաւիտեանս ոտքերը կը տնկէ՝ «Հողը կը ծախուի՞» մրմնջելով։
Վերապատուելի Սարմազեանի ու իր ազնուական եղբօրը հանդիպեցայ Ամերիկահայ Մշակութային Միութեան կազմակերպած 15րդ նաւապտոյտին, երբ անիկա եղբօր հետ եկած էր հոն տիրող հայկականութեամբ հաղորդուելու։ Իմ խնդրանքիս ընդառաջելով՝ վեր. Սարմազեան բարեհաճեցաւ 2006 թուականին Պէյրութ հրատարակուած պատմուածքներու իր այս հատորը նուաստիս նուիրելու։ Նախաբանը գրած է ու խմբագրութիւնը վարած գրականագէտ Երուանդ Հ. Քասունի, մեկենասութեամբ՝ Սարմազեան եղբայրներուն։ «Հողը Կը Ծախուի՞» հատորը կազմուած է 130 մեծադիր էջերէ եւ կը պարփակէ 19 պատմուածքներ, որոնք օրկանական անքակտելի կապերով զօդուած են իրարու։
Կը շնորհաւորենք վեր. Յովհաննէս Սարմազեանը՝ իր այս յաջող հատորով ընթերցողին ընծայած հաճոյքին համար: