ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի աւանդութեան վերածուած «Արարատ տուն» տարեկան այցելութիւնը, այս տարի տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 5ին: Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն 55 սկաուտներ եւ ծնողական օժանդակ մարմինէն 7 անդամներ այցելեցին Միշըն Հիլզ գտնուող ծերանոցը՝ իրենց տատիկներն ու պապիկները զուարճացնելով, անոնց հրամցնելով հայկական երգեր, պարեր, սկաուտական կանչեր եւ բանաստեղծութիւններ:
Յայտագիրներու աւարտին սկաուտները նաեւ առիթ ունեցան զրուցելու բացայայտօրէն շատ գոհ մնացած տարեցներուն հետ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց: