ՔԻԵՒ, «Արմէնփրէս».- Քիեւի հայ համայնքը կը նախատեսէ Եւրոպայի մեծագոյն ուղղափառ եկեղեցին կառուցել: Համաձայն նախագիծին, տաճարը պիտի ունենայ 50 մեթր բարձրութիւն ու պիտի ընդգրկէ 1 հեկտար տարածք: Եկեղեցւոյ տարածքին պիտի կառուցուի նաեւ հայկական մշակոյթի կեդրոն: Հայաստանէն կեդրոնական տաճար պիտի տարուին 16 խաչքարեր: Ըստ ծրագիրին, եկեղեցւոյ կառուցումը պիտի սկսի այս տարուան Մարտին: