ԼՈՆՏՈՆ.- Յունուար 27ին, Հրանդ Տինքի նուիրուած հաւաքի մը ընթացքին, Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ ցուցադրուած է նաեւ Էրիք Նազարեանի «Պոլիս»ը շարժապատկերը:
Համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ եղած են աւելի քան 200 բրիտանացի, հայ եւ թուրք ուսանողներ, համալսարանի անձնակազմէն անդամներ եւ հրաւիրեալներ: Շարժապատկերի ցուցադրութենէն ետք, Էրիք Նազարեան, դոկտ. Քերեմ Էօքտեմ, պատմաբան Արա Սարաֆեան եւ յօդուածագիր Քորայ Քիւզկէօրեն մասնակցած են քննարկումի մը, որ նուիրուած էր շարժապատկերին: Համադրողն էր Հայագիտական հիմնարկէն դոկտ. Սիւզան Փաթին:
Քննարկումէն ետք տեղի ունեցած է կարծիքներու աշխոյժ փոխանակում՝ ներկաներուն եւ քննարկման մասնակիցներուն միջեւ:
Նախքան շարժապատկերին ցուցադրութիւնը, Էրիք Նազարեան ներկայացուցած է շարժապատկերը պատրաստելու շարժառիթը՝ ըսելով, թէ անոր մղիչ ուժը եղած էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ Պոլսոյ երաժշտական կեանքին մէջ հայութեան բերած կարեւոր ներդրումը լուսարձակի տակ առնելու փափաքին կողքին:
Շարժապատկերը Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կը քննէ հայ երաժիշտի մը եւ հնութիւններ ծախող թուրքի մը միջեւ ստեղծուած կապին միջոցաւ: