
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Պոնտական ծագումով յոյն երգչուհի Աննա Պուրմայի նոր ձայնասկաւառակը հրապարակուած է՝ «Մեր բակի վարդերը» խորագրով:
Երիտասարդ երգչուհին զգայուն ներկայութիւն եղած է յոյն մեծահամբաւ երգիչներու մօտ: Ան 9 տարիներ առաջ բեմ բարձրացած էր Էորղոս Տալարասի կողքին, ապա տարբեր ելոյթներով իր տեղը գրաւած յոյն երաժշտական բեմերուն վրայ: Այս ձայնասկաւառակը իր առաջին անհատական գործն է, ուր կը համագործակցի Լաւրենտիս Մախերիցաս:
Երգերը գրած են Թաքիս Պուրմաս, Թոտորիս Կոնիս եւ Սոթիրիս Վոփիս:
Հայ բանաստեղծութեան կին ներկայացուցիչ Սիպիլի (Զապէլ Ասատուր, 1893-1934) մէկ բանաստեղծութեան վրայ երգ մը յօրինուած է, հայութեան մեծ բարեկամ եւ յունալեզու «Հայկական Քնար» հաւաքածոյի հեղինակ Քուլիս Ալեփիսի թարգմանութեամբ՝ «Ինձ մի խօսիք» խորագրով: Այս երգը Աննան կը մեկնաբանէ դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Երիտասարդ երգչուհին մեծ սէր կը տածէ հայութեան հանդէպ, մանաւանդ հայ գրականութեան հանդէպ: Այս իմաստով ալ ան նախընտրած է հայ բանաստեղծուհիին քերթուածը ընտրել, իր ձայնասկաւառակին համար: