ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահական թեկնածու Վլատիմիր Փութինի նախընտրական ժամանակաւոր յանձնախումբի ղեկավար Ստանիսլաւ Կովորուխինի հետ հանդիպումի ընթացքին ռուսահա-յութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի քուէարկեն յօգուտ Ռուսիոյ վարչապետին: «Փութինը միշտ էլ շատ ուշադիր է եղել ու յարգանքով վերաբերուել Ռուսաստանում ապրող հայերիս: Վարչապետին ես ճանաչում եմ արդէն 25 տարի, եւ այս ժամանակահատուածում նա երբեք չի շփուել իմ հետ՝ որպէս կովկասեան պատկանելիութիւն ունեցող մարդու», ըսած է Արթուր Չիլինկարով՝ ընդգծելով, որ Ռուսիան կրնայ իր յոյսը դնել իր երկրին մէջ բնակող հայերուն վրայ:
Ռուսիոյ մէջ բնակող հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան իր հերթին շեշտած է, որ Փութինի ազգային քաղաքականութիւնը կը նպաստէ բազմազգեան երկրի զարգացման: