ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս շաբթուան յօդուածը նուիրուած է այդ որոշ հայերու պարտուողական մօտեցումին, որոնց բացասական հայեացքները անգամ մը եւս արտացոլացին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծին վերաբերող վերջին նորութիւններով:
Որոշ մարդկանց մօտ կայ այն կարծրացած համոզումը, որ հայերու կողմէ որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է պարտութեան: Քանի մը տարի առաջ, որոշ ընթերցողներ խորհուրդ տուին ինծի, որ չխնդրեմ գործէ ազատել «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Մարք Արաքսի յօդուածը գրաքննութեան ենթարկելուն համար: Մէկ այլ դէպքով մը, ինծի խորհուրդ տուին չպահանջել, որ «Թայմզ» շաբաթաթերթը ներողութիւն խնդրէ ու փոխհատուցում կատարէ՝ թուրքերու կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը ժխտող տեսահոլովակ մը տարածելուն համար: Ես անտեսեցի պարտուողական առաջարկները, թէ՝ այդպիսի հզօր հրատարակչութիւններու դէմ դուրս գալը անօգուտ է եւ նոյնիսկ՝ ինքնավնաս: Ատիկա դիւրին պայքար չէր, սակայն ես ուրախութեամբ կրնամ յայտնել, թէ երկու նախաձեռնութիւններուն ալ պարագային, հայ հասարակական գործիչները յաղթանակած դուրս եկան:
Յատկանշական է այն, որ այդպիսի անտարբեր մարդիկ ոչ միայն չաջակցեցան կամ որեւէ ձեւով քաջալեր չհանդիսացան այդ գործիչներուն, այլ ամէն ինչ ըրին՝ տարհամոզելու համար այն մարդիկը, որոնք կը պաշտպանէին համայնքին շահերը: Հետաքրքրականօրէն, անոնք, որոնք նստած են ծալլուած ձեռքերով, սովորաբար այն մարդիկն են, որոնք ամէնէն աւելի կը բողոքեն ընդհանուրի դատին ծառայող մարդկանց դէմ:
Պատկերացուցէ՛ք, եթէ քսան տարի առաջ հայ ազատամարտիկներու փոքր խումբը ականջ դնէր այդպիսի թերահաւատներու եւ որոշէր, թէ անհնարին է Արցախի ազատագրումը ատրպէյճանցիներէն եւ սովետական բռնագրաւող զօրքերէն: Արդեօք ես այսօր այստեղ կ՛ըլլայի՞, եթէ իմ նախնիները՝ Օսմանեան կայսրութեան կեդրոնական մասը գտնուող Զէյթունի քաջարի մարտիկները, չպայքարէին թրքական հզօր բանակներուն դէմ, յաղթանակ չտանէին աւելի քան քառասուն ճակատամարտերու եւ հարիւրաւոր բախումներու ընթացքին՝ իրենց անվտանգութիւնն ու ինքնավարութիւնը պահպանելու համար:
Վերադառնալով ներկայի ժամանակներուն՝ որքա՜ն յաճախ կը լսենք անտեղեակ, սակայն «ամենագէտ» հայերէ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսը երբե՛ք պիտի չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ իրականութեան մէջ անիկա ճանչցուած է 1975 եւ 1984 թուականներուն: Կամ քանի՜ անգամներ այդ բախտագուշակները կեղծ մարգարէութիւններ կատարած են ըսելով, որ ԱՄՆի ոչ մէկ նախագահ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ Թուրքիան չափազանց կարեւոր երկիր է, չիմանալով, որ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն ճանչցաւ զայն 1981ի Ապրիլ 22ի իր նախագահական հռչակագիրով:
Այս նոյն հայերը համոզուած էին, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը պիտի չընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, եւ ըստ անոնց՝ կա՛մ վերջին վայրկեանին անիկա կը տապալուի, կա՛մ ալ նախագահ Սարքոզի խաղ կը խաղար հայերուն հետ՝ փորձելով շահիլ անոնց ձայները գալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Մինչդեռ խորհրդարանը հաստատեց այդ օրինագիծը ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ: Երբ նոյն օրինագիծը 2012ի Յունուար 23ին ուղղուեցաւ Ծերակոյտ, յոռետեսները անգամ մը եւս մեծ ինքնավստահութեամբ կանխատեսեցին, թէ անոր ընդունումը պիտի արգելափակուի որեւէ անակնկալ իրադարձութեամբ մը: Օրինագիծը ընդունուեցաւ ձայներու 127 կողմ, 86 դէմ համեմատութեամբ:
Անցեալ շաբաթ, երբ Ֆրանսայի որոշ օրէնսդիրներ, Թուրքիոյ դեսպանին միջամտութեամբ բողոքարկեցին օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մօտ, որոշ հայեր ինկան խոր յուսահատութեան մէջ: Անոնք պնդեցին, թէ այդ մէկը հայերուն դէմ ուղղուած դաւադրութիւն էր՝ յայտարարելով, որ իրենք առաջին իսկ օրէն գիտէին, որ այդ նախաձեռնութիւնը պիտի մատնուի պարտութեան: Այս մարդիկ չեն հասկանար, որ բողոքարկումը չի նշանակեր օրինագիծի անպայման տապալում: Իրականութեան մէջ, եթէ խորհուրդը վճռէ, թէ օրինագիծը սահմանադրական է, ապա անոնք, որոնք պիտի ձերբակալուին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար, չեն կրնար այլեւս բողոքարկել այդ նոր օրէնքը:
Եթէ նոյնիսկ Սահմանադրական խորհուրդը մերժէ օրինագիծը, ատիկա աշխարհին վերջը չ՛ըլլար, քանի որ նախագահ Սարքոզի խոստացած է փոփոխութեան ենթարկել եւ նորէն ներկայացնել զայն երկու Օրէնսդրական տուներուն: Այնուամենայնիւ, Հայկական հարցին համար պայքարիլը պայմանաւորուած չէ որեւէ յատուկ օրինագծով: Հայերը շատ աւելի մեծ պահանջներ ունին Թուրքիայէն՝ միջազգային իրաւունքներու շրջանակէն ներս:
Ուստի, հայերը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրինագիծի բողոքարկման համար ողբալու փոխարէն, պէտք է պահանջեն, որ դատարանի որոշ անդամներ ինքնաբացարկ յայտարարեն, նկատի ունենալով թրքական հետազօտական կեդրոններու հետ անոնց ունեցած ապօրինի յարաբերութիւնները կամ անոնց կանխակալ յայտարարութիւնները:
Ուշագրաւ է, որ Ֆրանսայի ծերակուտականներէն վեցը, որոնք ներկայացուցին հայցը, ներկայիս Ատրպէյճան կը գտնուին՝ պետութեան հրաւէրով, կը համտեսեն կասպիցծովեան ձկնկիթը, ինչպէս նաեւ կ՛ըմբոշխնեն ատրպեճանական այլ «անուշեղէններ»:
Որեւէ օրինագիծէ աւելի կարեւորը՝ հայերուն վճռականութիւնն է՝ իրենց արդար Դատին համար պայքարը շարունակելու՝ չենթարկուելով որեւէ արգելքի կամ խոչընդոտի: Հազարամեակներ շարունակ գտնուելով օտարերկրեայ տիրապետութեան տակ ու ենթարկուելով թալանի, կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան՝ հայերը չեն կրնար յանձնուիլ կամ նահանջել ձախողութեան առաջին իսկ ազդանշանէն:
Հայերը կրնան յառաջդիմել միայն, երբ ձերբազատուին իրենց պարտուողական եւ ստրկամիտ մտածելակերպէն, զոր ժառանգած են Օսմանեան Թուրքիոյ կեղեքիչ լուծին տակ ապրած ժամանակներէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ