
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացումէն ետք, Թուրքիոյ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ սկսած են ցուցադրելու Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերակցութեան պատուէրով ամերիկացի բեմադրիչ Մարթի Քալըհենի նկարահանած «Հայերու Ապստամբութիւնը. 1894-1920» կոչուած «վաւերագրական» ֆիլմը:
Ֆիլմին մէջ կը պնդուի, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, արեւելեան Անատոլիայի մէջ հայերը ապստամբած են Օսմանեան կայսրութեան դէմ, որուն հետեւանքով սկսած հակամարտութիւնը 2 միլիոնէ աւելի զոհ խլած է. անոնց մէջ եղած են հայեր, թուրքեր, քիւրտեր եւ ատրպէյճանցիներ:
Ֆիլմին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտնի դէմքեր իրենց տեսակէտները կը յայտնեն: Անոնց շարքին են՝ տխրահռչակ թուրք պատմաբաններ Եուսուֆ Հալաճօղլու, Քեմալ Չիչեք, Եուսուֆ Սարընայ եւ ամերիկացի յայտնի հակահայ փրոֆ. Ճասթին ՄըքՔարթի: Մէկ ժամ տեւողութեամբ ֆիլմը թարգմանուած է թրքերէնի, արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի: