ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը Փետրուար 9ին կայացած նիստին մերժեց հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի որդեգրումը, որ ՀՅԴ եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւններու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն էր:
Նիստէն ետք լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին ընթացքին արդարադատութեան փոխնախարար Գրիգոր Մուրադեան պարզաբանեց, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ընտրակարգը կ՛որոշուի ոչ թէ ըստ այն հանգամանքին, թէ համամասնակա՞նը պէտք է հարիւր տոկոս ըլլայ, թէ մեծամասնականը, այլ՝ թէ այդ երկրին մէջ ինչպիսի՞ անհրաժեշտութիւն կայ: Նախագիծին ընդունումը, ըստ փոխնախարարին, ժամանակավրէպ է, քանի որ ընտրական գործընթացները, ըստ էութեան, արդէն մեկնարկած են, եւ այս անցումը կրնայ պարզապէս խոչընդոտել զանոնք։
Անոր համաձայն, ընտրակարգը ոչ մէկ ձեւով անդրադարձ կրնայ ունենալ ընտրական գործընթացին վրայ: «Ըստ էութեան, ո՛չ մեծամասնական, ո՛չ համամասնական ընտրակարգը ինքնին չեն երաշխաւորում ընտրութիւնների գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը եւ ընտրուելու իրաւունքի կենսագործումը: Ոչ թէ ընտրակարգն է սա ապահովում, այլ ընտրական գործընթացների կազմակերպումը՝ արդարութեան պահանջների, շանսերի հաւասարութեան պահպանման, ընտրարշաւի ընթացքում պատշաճ հնարաւորութիւնների երաշխաւորման եւ այլ երաշխիքների ապահովման միջոցով», նշեց ան:
Արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալը նաեւ անդրադարձաւ մեծամասնական ընտրակարգի անհրաժեշտութեան՝ նշելով, թէ ներկայիս անիկա ունակ է որոշ կապ ապահովելու պատգամաւորին եւ տարածքի բնակչութեան միջեւ, ինչ որ զուտ կուսակցութիւններու պարագային այնքան ալ կարելի չէ, որովհետեւ այնտեղ խօսքը համապետական ծաւալով հանրութեան շահերու ներկայացման մասին է, ոչ թէ՝ յստակ տարածքի յստակ շահերու ներկայացման: Այս պարագային համամասնական եւ մեծամասնական ընտրակարգերու զուգակցումը եւ մեծամասնականի պահպանումը արդարացուած է:
Անդրադառնալով ընդդիմախօսներու այն արտայայտութիւններուն, որ մեծամասնականով կեղծիքներ ընելու կարելիութիւնները աւելի մեծ է, Գրիգոր Մուրադեան ըսաւ, որ ընտրակարգի եւ ենթադրեալ կամ իրական կեղծիքներու միջեւ որեւէ կապ չի կրնար ըլլալ:
Ինչ կը վերաբերի այն պնդումներուն, թէ մեծամասնական ընտրակարգով առաւելապէս կրնան ընտրուիլ գործարար շահեր ներկայացնող անձեր՝ Մուրադեան յայտնեց, որ ատիկա չի բացառուիր նաեւ համամասնական ընտրակարգի պարագային, երբ գործարարները պարզապէս կրնան ընդգրկուիլ կուսակցութիւններու ցանկերուն վրայ։