
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիան հզօր պետութիւն ըլլալու համար, պէտք է դէմ յանդիման գայ իր սեփական պատմութեան. այսպէս յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Ֆրանսայի հրեաներու միութեան ներկայացուցչական խորհուրդին հետ անոր ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի, Սարքոզի ըսած է. «Ամէն անգամ, երբ մեր հանրապետութեան տարածքին ոեւէ հրեայ կը վիրաւորուի, այդ մէկը մեր եռագոյնին վրայ բիծ մը կը ձգէ: Մէկ հրեայի վրայ յարձակումը ոչ թէ Ֆրանսայի հրեաներուն, այլ 65 միլիոն ֆրանսացիներու հարցն է»:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու քայլին՝ Սարքոզի նշած է, որ Թուրքիա պէտք է գիտակցի, թէ իրապէս հզօր ըլլալու համար, իւրաքանչիւրը պէտք է նայի իր պատմութեան: «Պէտք է նայիլ պատմութեան թէ՛ մութ եւ թէ լուսաւոր հատուածներուն», ընդգծած է ան՝ յիշեցնելով Ֆրանսայի օրինակը:
Դիմելով հաւաքուած հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ ան հարց տուած է, թէ ի՞նչ պիտի զգային անոնք, եթէ Ողջակիզումի ժխտումը թոյլատրելի ըլլար:
Միւս կողմէ՝ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ եւ բանաձեւը հեղինակած Վալերի Պուայէ յոյս յայտնած է, որ Սահմանադրական խորհուրդը հաւանութիւն կու տայ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին՝ անոր վերաբերեալ բոլոր թեր եւ դէմ կարծիքները հաշուի առնելով:
Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի, Պուայէ ըսած է. «Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններու զարգացման, սակայն մտավախութիւններ ունիմ՝ նկատի ունենալով Սահմանադրական խորհուրդին վրայ բանեցուող մեծ ճնշումները»:
Ան աւելցուցած է, թէ օրինագիծը ուժի մէջ դնելով՝ Ֆրանսա պիտի վերահաստատէ հանրապետութեան արժէքները՝ ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն: