ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ը քննադատութեանց ու հարցեր արծարծելու բեմ դարձնելու մեր դիմումները թերահաւատութեան կ՛արժանանան:
Իրաւունք ունի՞ն մարդիկ կասկածելու, թէ մենք պատրաստ ենք արծարծելու հարցերը եւ ընդունելու քննադատութիւնները:
Թերահաւատութիւնը յաղթահարելու ամէնէն դիւրին ճամբան՝ փորձն է: Փորձեցէ՛ք, գրեցէ՛ք եւ հաստատեցէ՛ք: Գրեցէք եւ կրնայ ըլլալ, որ ձեր կասկածը հաստատուի: Ուղղակի մարտահրաւէր մըն է ասիկա: Ծանօթներ եւ նոյնսիկ մօտիկ ընկերներ երբեմն «կը սպառնան», որ պիտի ընդունին մարտահրաւէրը եւ մեզ ծանր վիճակի մատնեն: Տակաւին կը սպասենք ընկերական այդ սպառնալիքներու գործադրութեան:
Փորձեցէ՛ք, բայց անշուշտ՝ յարգելով որոշ պայմաններ, որոնցմէ առաջինը՝ գրուածին տրամաբանական կառոյց տալն է: Լաւ կամ վատ գրելը, լեզուական կամ ուղղագրական սխալներով գրելը պայման չէ: Անոնք սրբագրելի բաներ են եւ մեր պարտականութիւնն է կատարել անհրաժեշտ ուղղումները:
Տրամաբանական կառոյցով քննադատութիւնը պիտի ունենայ իր հիմնաւորումը: Եթէ տեղեկութեանց փաստացի թերութիւններու մասին է խօսքը, ապա պէտք է ներկայացուին ապացոյցները, ճիշդ նկատուող տուեալները: Եթէ գաղափարական տարակարծութեան խնդիր կայ, ապա մեզ կը բաւարարէ կարծիքի ու համոզումի շարադրանքը:
Վիրաւորական խօսքերէն, անիմաստ ամբաստանութիւններէն ու վերագրումներէն որքա՛ն հեռու ըլլան քննադատական խօսքերը, այնքա՛ն համոզիչ կրնան ըլլալ, խմբագրութեան կողմէ մերժումի հիմքեր չեն ըլլար եւ ընթերցողներուն մէջ աւելի՛ մեծ թիւով համակիրներ ունենալու հնարաւորոթիւն կ՛ունենան:
Ուրիշ պայման չկայ: Մեզի կը մնայ անշուշտ պատասխանելու եւ վէճը տրամաբանական կէտի մը հասնելէ ետք՝ փակելու իրաւունքը, յատկապէս՝ եթէ վէճը վերածուի մէկ անձի եւ խմբագրութեան միջեւ ամուլ զրոյցի, որ կրնայ ձանձրացնել բաժանորդները: