Ասկէ քառասուն օրեր առաջ, ցուրտ հողին յանձնեցինք հաւատաւոր կուսակցական ընկեր մը, որ իր համեստութեամբ ու համակերպելու բնաւորութեամբ գրաւած էր սրտերը բոլոր անոնց, որոնք առնչուած էին իրեն:
Ան վաղ տարիքին կեանքի ասպարէզ նետուելով, Երուսաղեմէն Լիբանան, Լիբանանէն հեռաւոր այս ափերը տեղափոխուելով՝ զանազան աշխատանքներ փորձած եւ շատ բան սորված էր մարդկութենէն. թրծուած, ուժեղ նկարագիրի տէր դարձած ու ընտանեկան հայկական տաքուկ բոյն մը կազմած էր ան:
Ահա, ընկեր մը՝ կեանքի փորձով հարստացած, որուն համար ալ միշտ լաւատեսութեամբ նայած էր ապագային: Ծնողներուն եւ այնուհետեւ իր սիրելի կողակիցին կորուստէն ետք, ան թէ՛ հայր եւ թէ մայր եղած էր իր երեք զաւակներուն, իսկ աւելի ուշ՝ փնտռուած մեծ հայր մը՝ իր սիրասուն երկու թոռներուն:
Ընկ. Ասլանեանը, թէեւ բարձրագոյն ուսումի չէր կրցած հետեւիլ, սակայն փոքր տարիքէն ՀՅԴ Պատանեկան եւ Երիտասարդական, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի շարքերը իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ անդամակցելով՝ կրցած էր մտային իր պաշարը եւ ընկերային շրջանակը հարստացնել:
Իսկ աւելի քան յիսուն տարիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամակցելով՝ ազգասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ լեցուցած էր իր էութիւնը եւ նոյն ոգին փոխանցած իր զաւակներուն, որոնք երեքն ալ հետեւելով իրենց հօր համեստ միութենականի եւ տիպար կուսակցականի օրինակին՝ մինչեւ օրս կը ծառայեն իրենց ազգին, իբրեւ հաւատարիմ ՀՄԸՄականներ, իսկ Սագօն՝ նաեւ իբրեւ դաշնակցական ընկեր:
Երկար տարիներ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան շարքերէն ներս մնալէ ետք, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր փոխանցուած էր Պըրպենքի «Աղբալեան» կոմիտէութիւն, ուր սիրուած ու յարգուած ընկեր մըն էր:
Ան երկար տարիներ Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սիրելի «Հայրիկ»ն էր եւ հօր պէս կը վարուէր հոն յաճախող պատանիներուն ու արի-արենոյշներուն հետ, միաժամանակ միշտ յարգալիր ըլլալով տարեց ընկերներուն հանդէպ:
Ո՞վ չէր ճաշակած համադամ իր ճաշերը, ուրախ կամ տխուր առիթներով: Ան խղճամտութեամբ եւ արդարօրէն կը մօտենար իր յաճախորդներուն՝ միշտ նուիրատուութեան բաժին հանելով իր սիրած կազմակերպութիւններուն: ՀՕՄի փառատօները եւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը անհնար էին առանց ընկ. Ասլանի պատրաստած Քեպապին կամ երշիկին:
Այդ իմաստով, երբե՛ք մրցակցութենէ չէր վախնար եւ միշտ կ՛ըսէր. «Ամէն մարդ ի՛ր բախտը, ի՛ր բաժինը կը ստանայ»:
Կատակասէր, վառ տրամադրութեամբ եւ սիրալիր ընկեր մըն էր Գէորգ Ասլանեան: Վերջին տարիներուն այնքա՜ն ուրախ էր իր փոքրիկ ճաշարանով, որ շատ կազմակերպութիւններու հաւաքավայրը դարձած էր՝ յատկապէս տօնական օրերուն:
«Աղբալեան» կոմիտէութեան Յունուար ամսուան ժողովը ընկ. Ասլանի համեղ ճաշերու հիւրասիրութեամբ աւարտեցաւ: Անիկա այդ կոմիտէութեան պատրաստած իր վերջին ընթրիքն էր, որուն ընթացքին ներկայ ընկերները նաեւ իր շուտափոյթ ապաքինման համար կենաց խմեցին:
Ափսո՜ս, մեր սիրելի հայրիկը կեանքէն չյագեցած՝ հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, խոր վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն, բարեկամներուն եւ շրջապատին:
Ընկ. Ասլանի մահով, «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը կորսնցուց անձնազոհ ընկեր մը, աշխատող ձեռք մը, իսկ Ասլանեան ընտանիքը՝ անփոխարինելի հայր մը, որուն պակասը այնքա՜ն զգալի պիտի ըլլայ:
Գնա՛ սիրելի դաշնակցական Ռենչպեր ընկեր, եւ միացի՛ր մեզմէ հեռացած դաշնակցական ընկերներու փաղանգին: Մեր բարեւները փոխանցէ բոլորին եւ վստահեցուր անոնց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անսասան կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ եւ կը շարունակէ պայքարիլ իր արդար դատի լուծման համար:
Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ ընկեր:
ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ ՄԸ