Գէորգ Ասլանեանի Կենսագրական Գիծերը
«Ինծի ի՞նչ փոյթ կեանքը մեռնող, երբ որ երազը կ՛ապրի, երբ որ երազը անմահ է…»

Դրական կեցուածքով կեանքի ամէն տեսակի դժուարութիւնները յաղթահարած, կեանքի արժէքը արհամարհելով կամքի ուժին հաւատացած ու յաջողութեան երազներով յաջողած, տիպար հայ մը այսօր կը յանձնենք հողին:
Մեր սիրեցեալ Գէորգ Ասլանեանի կենսագրականը քանի մը էջերու մէջ ամփոփելը բնաւ դիւրին չէ։ Հանգուցեալ Գէորգ Ասլանեան ծնած է Երուսաղէմ, Յուլիս 7, 1944ին, միակ զաւակը ըլլալով Լութֆիկ եւ Նուրիձա Ասլանեաններուն։
Իւրաքանչիւր անձ լոյս աշխարհ կու գայ առաքելութեան մը համար. Գէորգ Ասլանեան իր կեանքի առաքելութիւնը լիովին կատարելով՝ այսօր իր համայն հարազատները, բարեկամներն ու ընկերները հաւաքած է ողջերթի:
1948 թուականին, Գէորգ Ասլանեան ծնողքին հետ միասին կը հաստատուի Լիբանան. դպրոցական տարիքին հասած Գէորգը կը յաճախէ Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, սակայն կեանքի պայմաններու բերումով՝ ան կը նետուի կեանքի ասպարէզ։ Իր կեանքի աշխոյժ տարիները կ՛անցընէ նախ վարորդութեամբ, ապա կը մտնէ օդակարգաւորման ասպարէզ (air conditioning): 1950 թուականին կը միանայ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան շարքերուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄին՝ որպէս սկաուտ, եւ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄի ոտնագնդակի խումբին։
1960ական թուականներու սկիզբը կ՛անցնի իր այնքա՛ն սիրած ՀՅԴ շարքերը։ 1970ին կը պսակուի իր կեանքի ուղեկիցին՝ Մարօ Արթինեանի, հետ եւ կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Նորա, Սարգիս եւ քսան տարի ետք՝ Նաթալի, որոնք կը դառնան Գէորգի եւ Մարոյի կեանքի մեծագոյն ուրախութիւնը։
1978ին Գէորգ իր ընտանիքին հետ միասին կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Նոր երկիր տեղափոխուելու դժուարութիւնները երբե՛ք չկրցան ազդել Գէորգի կամքին, զօրութեան եւ յաջողութեան ձգտումին վրայ։ Ան մշտապէս կրցաւ յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ՝ իր նպատակները իրագործելու համար։ Ան ոչինչ կը խնայէ Ամերիկայի այս տարածքին իր զաւակներուն մէջ սերմանելու ազգային գիտակցութեան ոգին. իրենց փոքր տարիքէն իսկ, Նորա եւ Սարգիս իրենց հօր առաջնորդութեամբ կը միանան ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն:
Գէորգ ունէր շատ յատուկ նկարագրային գիծեր… շատ ընկերասէր էր, պատրաստաբան, պատրաստակամ, հաստատամիտ, իր սկզբունքներուն ու համոզումներուն հաստատ կարչող, արկածախնդրութիւնը սիրող եւ լայնասիրտ յատկութիւններով օժտուած ընտանիքի տիպար հայր էր ան՝ հոգատար մեծ հայր, կարեկցող եւ կամեցող բարեկամ, ինչպէս նաեւ ծառայասէր, մարդասէր եւ ազգասէր անձ։ Հանգուցեալը եղած է Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եւ 4 տարի իր ծառայութիւնը բերած է անոր պայծառութեան:
1986էն մինչեւ 2008 ստանձնած է Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի շէնքի պատասխանատուութիւնը եւ մեծ ներդրում ունեցած է տիպար եւ օրինակելի ՀՄԸՄականներ պատրաստելու աշխատանքին մէջ։ Անոր ժպտադէմ դէմքին վրայ մենք ճանչցանք նուիրեալ հայորդի մը, մաքուր սիրտ մը, ազգասէր եւ հայասէր անձ մը, ինչպէս նաեւ՝ միշտ ուրախ եւ դրական տրամադրութեան տէր անձնաւորութիւն մը։ Ան հանրածանօթ եւ ճանչցուած էր Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութին մէջ որպէս «Հայրիկ» եւ «Ասլան»։
1991ին կը պսակուի իր դուստրը՝ Նորան, Գրիգոր Սարգիսեանի հետ, եւ կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Ռուբէն եւ Ռաֆֆի, որոնք կը դառնան Գէորգի կեանքի յուսադրիչ ուժը։ Ան ոչինչ կը խնայէ իր թոռներուն տալու հայեցի դաստիարակութիւն՝ անոնց մէջ սերմանելով ազգային գիտակցութեան ոգին եւ հայերէն լեզուի ու հայրենասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ռուբէն եւ Ռաֆֆի, օրինակուած իրենց մեծ հօր հայրենասիրութենէն՝ փոքր տարիքէն իսկ կը միանան ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն։
2004ին, կարճատեւ հիւանդութեան մը հետեւանքով ան կը կորսնցնէ իր կեանքի ընկերը՝ Մարօն։ Շատ մեծ էր վիշտը եւ անսփոփելի, սակայն Գէորգ կը վճռէ զաւակներուն սիրոյն չյուսահատիլ՝ ստանձնելով թէ՛ հօր եւ թէ մօր ծանր եւ դժուարին պարտականութիւնը իր ուսերուն, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը:
2008ին, Կլենտէյլի հայահոծ քաղաքին մէջ Գէորգ կը բանայ «Ասլան» ճաշարանի դռները եւ բոլոր առիթներով կը շարունակէ սպասարկել եւ մատակարարել հայ գաղութին։
«Ասլան» ճաշարանը կը դառնայ նաեւ ժողովատեղի եւ հանդիպման կայան ընկերներու, բարեկամներու եւ հարազատներու համար, որոնք կը հանդիպէին կազդուրուելու, համեղ ճաշեր ուտելու եւ Գէորգին հետ զրուցելու, ինչպէս նաեւ գաղափարներ փոխանակելու։
2011ի Դեկտեմբեր 27ին Գէորգ կ՛ենթարկուի սրտի վիրահատութեան մը, իսկ Յունուար 7ին հոգին կ՛աւանդէ հիւանդանոցին մէջ։
Շատ մեծ է Գէորգը կորսնցնելու վիշտը եւ անսփոփելի։ Նորան, Սարգիսը եւ Նաթալին կորսնցուցին անգերազանցելի հայր մը, Ռուբէնը եւ Ռաֆֆին՝ հոգատար մեծ հայր մը, Գրիգորը՝ տիպար աներհայր մը, իսկ հարազատները, բարեկամները, ընկերները կորսնցուցին կամեցող, ազգասէր, կարեկցող եւ ծառայասէր անձ մը։ Սակայն, հոս կ՛ուզեմ նշել, որ ան մեզի ձգեց օրինակելի կենսագրական մը։ Յիշենք զինք իր տիպար կեցուածքով։ Թող Աստուած հանգուցեալի հոգին լուսաւորէ, իսկ հարազատներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյն անսպառ մխիթարութիւնները։