
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք յառաջադէմ մտաւորական, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ յօդուած հրապարակած է՝ հիասթափութիւն յայտնելով Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան աւարտին առնչութեամբ: «Հրանդ Տինքի դատավարութեան արդիւնքներով բոլորս ցնցուած էինք: Եթէ գիտնայինք, թէ ո՛ւր են այն մարդիկը, որոնք կը թաքցնեն Հրանդ Տինքը սպաննողները, այսքան ցնցուած չէինք ըլլար: Սխալ են բոլոր անոնք, որոնք չեն հասկնար, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ 1915ի ցեղասպանութեան միջեւ մեծ կապ կայ», գրած է Թաներ Աքչամ «Տը Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ: Ան վստահ է, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը վրէժխնդրութիւն է Թալէաթ փաշայի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կեանքի կոչողի սպանութեան:
Աքչամը իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Տինքը սպաննեցին ո՛չ թէ անոր տան մօտ, այլ խմբագրութեան շէնքին առջեւ, փողոցը, օր ցերեկով, բոլորին աչքին առջեւ, որովհետեւ Հրանդի միջոցով անոնք ուզեցին վրէժ լուծել բոլոր հայերէն: Ան յիշեցուցած է, որ Պերլինի մէջ 15 Մարտ 1921ին փաշան սպաննուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ, զոր անմեղ նկատած ու ազատ արձակած են:
«Իննսուն տարի վարած հերքողական քաղաքականութիւնը կուրցուց բոլորիս աչքերը: Չենք կրնար տեսնել եւ գտնել 1915ի Ցեղասպանութեան եւ Տինքի սպանութեան միջեւ կապը: Կը ստիպեն մեզ զայն մոռնալ, սակայն անոնք երբե՛ք չեն մոռցած զայն: Մեզի միշտ ստիպած են լուռ ըլլալ, յատկապէս, երբ մեզմէ ոմանք փորձած են ըսել, որ Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի: Մեր վարչապետը, նախագահը եւ կառավարութեան այլ անդամներ մնայուն կերպով կը նշեն, որ հանրային գիտակցութիւնը վնասուած է: Ասկէ աւելի վատ կերպով ծաղրելու միջոց չես գտներ», նշած է թուրք մտաւորականը:
Ան հարց տուած է, թէ բարձրաստիճան ամենակարող այրերը միթէ չե՞ն կրնար գտնել Տինքի սպանութեան ետին կանգնողները: Նոյնիսկ հասարակութիւնը գաղափար ունի այդ մասին: Յօդուածին մէջ մէջբերուած է Տինքի խօսքերը. «Անոնք չեն ուզեր, որ ես այստեղ մնամ, ինչպէս չէին ուզեր, որ նախնիներս մնային: Եւ եթէ այդպէս է, միտք չկայ, որ այստեղ մնամ: Կը պատրաստուիմ անոնց հետեւելու՝ դուրս գալու ճանապարհին»:
«Սպանութենէն առաջ Հրանդը ինծի ըսաւ, որ կը փափաքի դիմել դատական նիստերու դահլիճ, ուր զայն կը հետապնդէին «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելուն համար: Ըսաւ, որ կը պատրաստուի այնտեղ ըսել, որ Ցեղասպանութիւնը եղած է: Սակայն անոնք այդ հնարաւորութիւնը չտուին իրեն», կը գրէ Աքչամ: Ան կ՛ընդգծէ, որ պէտք է բանալ բոլորին աչքերը եւ լոյսին բերել իրողութիւնը: «Հրանդ Տինքը սպաննած են՝ Թալէաթ փաշայէն վրէժխնդիր ըլլալնուն համար: Հրանդը «1.5 միլիոն + 1»ն է: Մինչ 2015ը, երբեք չենք գիտնար այս սպանութեան ճշմարտութիւնը, եթէ չըսենք՝ այո՛, 1915ին կատարուածը ցեղասպանութիւն է եւ անիկա պէտք է ճանչցուի», նկատած է Աքչամ:
Վեր առնելով Հրանդ Տինքի փառապանձ յիշատակը՝ Աքչամ իր յօդուածը եզրափակած է, ըսելով. «Դուն մեզի ուղղութիւն տուիր, թէ ինչպէ՛ս փրկենք մեր երկիրը մարդասպաններէն: Թող Հրանդ Տինքը ըլլայ մեր խորհրդանիշը, թող ան ըլլայ մեր Մարթին Լիւթըր Քինկը: Եթէ անոնք կը փափաքին կղպել Թալէաթ փաշայի շուրջ կատարուածին օղակը՝ եկէք մենք բարակ շրջանակ մը կազմենք Հրանդի շուրջ եւ թող «1.5 միլիոն +1» բանաձեւը ըլլայ բան մը, որ մեր հանրապետութիւնը կը բաժնէ անոնց հանրապետութենէն»: