
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ «Հայեաթ Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան Եւրոպայի ու Միջին Ասիոյ փոխնախագահ Կեպխարտ Ռայներ Փետրուար 9ին ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Երեւանի մէջ «Հայեաթթ ինթըրնեշընըլ»ի ներդրումային ծրագիրները: Քաղաքապետը ողջունած է ընկերութեան առաջին ծրագիրը՝ Երեւանի մէջ այս մակնիշով պանդոկի կառուցումը։ «Ցանկանում եմ իմ գոհունակութիւնը յայտնել ձեզ՝ հայաստանեան, մասնաւորապէս երեւանեան շուկայ մուտք գործելու կապակցութեամբ: Մեզ համար իրօք կարեւոր է համաշխարհային ճանաչում ունեցող ապրանքանիշի ներկայութիւնը Երեւանում, ինչն իր հերթին խթան կը հանդիսանայ զբօսաշրջութեան զարգացմանը մեր մայրաքաղաքում», նշած է Տարօն Մարգարեան:
Իր հերթին Կեպխարտ Ռայները պանդոկի կառուցումը կարեւոր նկատած է ռազմավարական իմաստով եւս, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ ընկերութեան առաջին ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: «Շնորհակալ ենք, որ մեծապէս կ՛աջակցիք մեր նախագիծը կեանքի կոչելուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր շարունակական աջակցութեան համար՝ քաղաքային ենթակառուցուածքներու առնչուող հարցերով: Երեւանը զարգացման լուրջ հեռանկարներ ունի եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել ներդրումային ծրագիրները», նշած է Կեպխարտ Ռայները՝ յայտնելով, որ երկկողմանի փափաք կայ Երեւանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտը զարգացնելու:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ըսած է, թէ Երեւանի քաղաքապետարանը առաւելագոյն աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ՝ նախանշուած ծրագիրները յաջողութեամբ իրականացնելու համար: «Մենք բաց եւ պատրաստ ենք համագործակցութեան», ընդգծած է Տարօն Մարգարեան:
«Հայեաթ Ինթըրնեշընըլ»ի հայաստանեան գործընկեր, գործարար Սամուէլ Սարգսեան հաւաստիացուցած է, որ իրենց գործակցութիւնը Երեւանի մէջ շարունակական ծրագիրներ կը նախատեսէ: «Բազմաթիւ մտայղացումներ ու ծրագրեր ունենք զբօսաշրջութեան բնագաւառում, որոնք նախատեսում են նաեւ նոր ենթակառուցուածքների ստեղծում, եւ մեր նպատակակէտը մօտ է: Արդէն տարեվերջին առաջին հիւրանոցը կը բացուի եւ կը տեսնէք, թէ մեր քաղաքի հիւրերին ինչպիսի՛ յարմարաւէտութիւն ենք առաջարկում», նշած է գործարարը: