
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Փետրուար 9ին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Քեթրին Ճէյն Լիչի հետ: Տարօն Մարգարեան յաջողութիւն մաղթած է հայ-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման աշխատանքներուն եւ նշած է, որ, թէեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի են, բայց եւ այնպէս Երեւանի եւ բրիտանական քաղաքներուն միջեւ մինչ օրս գործընկերային կապեր չեն հաստատուած. «Համոզուած եմ, որ Ձեր եւ Մեծն Բրիտանիայում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի գործուն աջակցութեամբ այդ բացը շուտով կը լրացուի», ըսած է քաղաքապետը:
Դեսպան Լիչ շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ հետաքրքրուած է Երեւանի զարգացման ծրագիրներով՝ յատկապէս բնապահպանական եւ յուշարձաններու պահպանութեան ոլորտներուն վերաբերող: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան համառօտ կերպով ներկայացուցած է Երեւանի զարգացման ռազմավարութիւնն ու ծրագրային առաջնահերթութիւնները. «Վստահ եմ, որ տեղական ինքնակառավարման ոլորտում Երեւանի եւ բրիտանական քաղաքների միջեւ փորձի փոխանակումը երկուստեք օգտակար կը լինի եւ կը նպաստի փոխադարձ կապերի ամրապնդմանը, զարգացմանն ու ընդլայնմանը», նշած է Տարօն Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը պատրաստ է քննարկելու եւ կեանքի կոչելու փոխշահաւէտ ծրագիրներ:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանը իր հերթին պատրաստակամութիւն յայտնած է իր աւանդը բերելու Երեւանի եւ բրիտանական քաղաքներուն միջեւ կապերու հաստատման. «Ուրախ եմ, որ մեր տեսակէտները այս առումով կը համընկնին եւ համոզուած եմ, որ արդէն շուտով շօշափելի արդիւնք պիտի ունենանք», նշած է դեսպանը: