
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 9ին ընդունած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Պատրուշեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: «Ուրախ եմ, որ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները դինամիկօրէն են զարգանում: Մեր քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը, ապրանքաշրջանառութեան մշտապէս աճող ծաւալները, ռազմաթեքնիքական եւ հումանիտար ոլորտներում սերտ համագործակցութիւնն ամրապնդում են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամութիւնը», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս այցելութիւնը առաւել եւս պիտի նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման:
Նիքոլայ Պատրուշեւ, իր հերթին, Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումներն ու բանակցութիւնները նկատած է օգտակար եւ արդիւնաւէտ: «Հանդիպման ժամանակ մենք խօսած ենք մեր ռազմական, ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան մասին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ոլորտին մէջ, բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ փոխգործակցութեան եւ շարք մը այլ հարցերու մասին», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Պարո՛ն նախագահ, Ձեր յաճախակի շփումները Ռուսիոյ ղեկավարութեան՝ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ու վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ, մնայուն կերպով դրական ազդակներ կը հաղորդեն եւ կ՛օժանդակեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու սերտացման՝ նպաստելով նաեւ տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Կը կարծեմ, որ մեր խորհրդատուութիւնները, որոնք նոյնպէս պարբերական բնոյթ կը կրեն, կը նպաստեն մեր պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման»։
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն: