ԵՐԵՒԱՆ.– Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ ընտրական կեղծարարութիւններուն դէմ պայքարելու նոր ձեւ պիտի որդեգրուի. առաջին անգամ ըլլալով քուէարկողներու անձնագիրներուն մէջ թանաքով նշան պիտի դրուի՝ հաստատելով, որ անոնք մասնակցած են քուէարկութեան:
«Լենթրէյդ կլոպըլ» բրիտանական ընկերութեան յատուկ թանաքը փաստաթուղթին վրայէն կ՛անհետանայ անոր զետեղումէն 12 ժամ ետք:
Այս նպատակով կառավարութիւնը պիտի յատկացնէ 43,000 տոլար: