
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը Փետրուար 9ին՝ քառօրեայ նիստերու վերջին օրը, ընդունեց շարք մը օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին Հանրակրթութեան, Մասնաւոր պահնորդական գործունէութեան, Վարչական իրաւախախտումներուն, Արտօնագրման եւ Պետական տուրքի մասին Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու եւ լրացումներու։ Որոշ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքը:
Ընդունուեցաւ նաեւ «Արտակարգ դրութեան իրաւական համակարգի մասին» օրէնքը, որ կը նախատեսէ արտակարգ դրութեան պարագային բանակի օգտագործումը: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան նախապէս նշած էր, թէ բանակին պիտի դիմուի այնպիսի արտակարգ դրութեան պարագային, երբ ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ուժերը չկարողանան հակակշիռի տակ առնել ստեղծուած իրավիճակը: