ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Հայաստանի ու Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն բանակացութիւններուն արդիւնքերուն հիման վրայ Փետրուար 9ին ստորագրուած է համաձայնութիւն, որմէ ետք Հայաստանի ԱԱԽ քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան տեղեկացուցած է, որ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ընթացած են, որոշում կայացած է համագործակցութիւն հաստատել շարք մը ուղղութիւններով, որոնք միտուած են աւելի խորացնելու հայ-ռուսական ռազմական ճարտարագիտական կապերը:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւս տեղեկացուցած է, որ այս հանդիպման ընթացքին հնչած են նրբերանգներ, որոնք նախապէս երբեք չէին շեշտադրուած:
Այս գծով նորանոր համաձայնութիւններու կնքման նպատակով պիտի կազմուի աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի աշխատի ամրապնդելու սոյն համագործակցութիւնը:
Որոշում կայացած է նաեւ խորացնելու համագործակցութիւնը յատկապէս սահմանապահ ոլորտին մէջ: «Հայաստան-Իրան-Թուրքիա սահմանահատուածի հայկական կողմում կ՛արդիականացուեն սահմանային ենթակառուցուածքները, ինչը կը նպաստի անվտանգութեան համակարգի բարձրացմանը», յայտարարած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան:
«Ընդհանուր առմամբ խօսեցանք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին եւ յատկապէս այն երկիրներուն, որոնք ազդեցութիւն ունին իրավիճակին վրայ, կամ երկիրներուն մէջ առկայ կացութիւններու, որոնք կրնան ազդել Ռուսիոյ ու Հայաստանի վրայ», նշած է Փաթրուշեւ: