Մերժել միջավայրի ազդեցութիւնները ու բոլորովին խորթանալ շրջապատէն՝ կարելի չէ, բնական չէ, նոյնսիկ՝ հիւանդագին կրնայ ըլլալ:
Մենք մեր երիտասարդներէն չենք ակնկալեր, որ անոնք իրենց ապրած երկրի սովորութիւնները անտեսեն, որ իրենց ուշադրութիւնը միայն ու միայն կեդրոնացնեն ազգային ու տոհմական մեր աւանդութիւններուն վրայ՝ զանոնք կիրարկելով, անոնցմով սնուելով ու դաստիարակուելով:
Մենք առողջ, իրենց ընկերային ու հասարակական պարտաւորութեանց գիտակից երիտասարդութիւն կ՛ուզենք դաստիարակել, սերունդ՝ որ ամուր կը զգայ ինքզինք իր բնակութեան վայրին մէջ, կը յարգէ, կը գիտակցի այդ վայրի ու անոր ժողովուրդի պատմութեան արժանիքները, ինքզինք չի տարանջատեր այդ պատմութենէն, այլ պարզապէս կը հարստացնէ զայն՝ աւելցնելով անոր վրայ իր ազգային պատկանելիութեան շնորհիւ իրեն հասած ժառանգութիւնը:
Համաշխարհայնացման հզօրագոյն ազդակներու դէմ մենք ականատես ենք, թէ ինչպէ՛ս նոյնիսկ, միաձոյլ հայկական բնակչութիւն ունեցող մեր հայրենիքին մէջ երիտասարդներ կը հեռանան իրենց արմատներէն ու կը տարուին ապազգային ուղղութիւններով, սովորութիւններով: Այս պայմաններուն տակ, առաւել եւս ողջունելի կը գտնենք ազգերու խառնարան ու ձուլման կաթսայի հռչակ շահած այս ափերուն վրայ հասակ նետած մեր երիտասարդներուն դիմադրական ճիգերը՝ պահպանելու, գտնելու, կամ վերագտնելու իրենց ազգային սովորութիւններուն հմայքը, անոնցմով ջրդեղելու իրենց նկարագիրը, իրենց հայկականութիւնը:
Այս դիտանկիւնէն է, որ առաւել գնահատելի կը գտնենք մեր երիտասարդներուն այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը դրսեւորեն գիտակից ճիգ մը՝ ազգային մեր սովորութիւնները ընդգրկելու՝ զանոնք իրենց առօրեային մաս դարձնելով:
Այս դիտանկիւնէն է, որ ողջունելի կը գտնենք, երբ օրինակ այս օրերուն, մեր երիտասարդները փոխանակ իրենց ընկերային ժամանակացոյցը խճողելու «վալընթինեան» աշխարհատարած սովորութեանց տուրք տալով՝ կը փորձեն Տեառնընդառաջի կամ Տէրնտեսի աւանդութիւնը դարձնել իրենց կեանքի մէկ մասը:
Կը յուսանք, որ այս վարքագիծը ընդհանրանայ ու մեր երիտասարդները կարենան արդիականացնել մեր հարուստ մշակոյթին մէջ առկայ կենցաղային հետաքրքրական սովորութիւնները:
Աւանդապահութիւնը, եթէ տգիտութեամբ չի կատարուիր, եթէ իրականութենէն, դժուարութիւններէն փախչելու ծէսի չի վերածուիր, ապա կրնայ միայն ուժեղացնել մեր էութեան հետ հաշտ մնալու ներքին մղումները: Երիտասարդներու պարագային՝ առաւե՛լ եւս:
————————————————————————————————————————-
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ժողովուրդ՝ Յանուն Ժողովուրդի»

հիմնարկութեան, Կիրակի 12 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30ին կը հրաւիրէ ձեզ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, ժողովրդային երգ ու պարով բացօթեայ նշելու համար Տեառնընդառաջը, կամ՝ Տէրնտեսը:
Տօնախմբութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Կարին» ժողովրդային երգի ու պարի խումբը՝ Գագիկ Կինոսեանի ղեկավարութեամբ:
Մուտքը ազատ է: Հրամմեցէ՛ք: Տօնախմբութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ ժամը 10:30:
Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 500 S. Central Ave., Glendale: