
ԱՄՄԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 10ին, երկու պայթումներ ցնցեցին Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք հանդիսացող Հալէպը՝ առնուազն 30 զոհ եւ 235 վիրաւոր պատճառելով: Ըստ պետական պատկերասփիւռի կայանին, երկու ականուած ինքնաշարժներ թիրախ դարձուցած են Հալէպի Ճատիտա շրջանին մէջ գտնուող զինուորական ապահովութեան կեդրոն մը եւ Հանանօ շրջանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու զօրանոցը՝ պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ։ Զոհերու շարքին էին քաղաքայիններ, զինուորականներ եւ մանուկներ։ Ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ սպաննուածներուն թիւը 50ի կը հասնի:
Ըստ Հալէպի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան տեղեկատուութիւններուն, պայթումներուն հետեւանքով զոհուած է հայ մը՝ Վիգէն Հայրապետեան:
Դամասկոսի ընդդիմադիրներուն կազմած «Սուրիոյ ազատ բանակ»էն աղբիւր մը ստանձնեց ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը, սակայն աւելի ուշ հերքուեցաւ այդ յայտարարութիւնը։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Արեւմուտքը Սուրիոյ տագնապը հրահրողներու «գործընկեր» դարձած է եւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան շարունակման պատասխանատուն սուրիական ընդդիմութիւնը նկատեց՝ կրկնելով, թէ Դամասկոս պատրաստ է ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան սկսելու՝ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու համար:
Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորը Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ «այն, ինչ սուրիական հարցով ՄԱԿի մէջ տեղի ունեցաւ, բացարձակապէս յուսա-լքող նախաձեռնութիւն մըն էր եւ մտահոգի»չ։
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ «չենք կրնար միայն դիտել, երբ սուրիացիները ամէն օր կը սպաննուին, մինչ միջազգային հանրութիւնը անշարժ կը մնայ»։
Թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու Փետրուար 13ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ պիտի քննէ Սուրիոյ հարցը եւ պիտի խօսի այդ հարցին մէջ «Թուրքիոյ դերակատարութեան կարեւորութեան մասին»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու հարցով միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու գործին մէջ՝ Թուրքիոյ աջակցելու: