ԱԹԷՆՔ, «Ազատ օր».- ՀՅԴ Յունաստանի կազմակերպութիւնը Փետրուար 4-5 գումարած է իր շրջանային պատգամաւորական ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Փետրուար 4-5 գումարուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Շրջանային Ժողովս, իր օրակարգին վրայ յատուկ քննարկման արժանացնելով ընդհանրապէս մեր գաղութին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը ու, մանաւանդ, հայապահպանման մեր գլխաւոր կռուանին՝ Հայ Դպրոցին մատակարարման ճգնաժամը, ի լուր մեր ժողովուրդին կը յայտարարէ, թէ ի գին ամէն տեսակի զոհողութեանց՝ պիտի պայքարի գաղութի հայկական վարժարաններու պահպանման, գոյատեւման ու բարելաւման համար:
Ինչ որ ալ ըլլան ներկայի տնտեսական պայմաններու մտահոգիչ ու ժխտական մթնոլորտը եւ մեր վարժարաններուն հանդէպ պետութեան պարտաւորութեանց ձգձգումները, կը վստահեցնենք մեր ժողովուրդին, թէ դժուարութիւնները յաղթահարելի են եւ չեն կրնար տկարացնել մեր հաւաքական վճռակամութիւնը:
Հայ Դպրոցին դերակատարութիւնը հայրենիքի ապագային եւ սփիւռքահայութեան գոյատեւման համար կենսական է: Հայապահպանումի եւ հայակերտման անփոխարինելի կռուանին գոյատեւումը ապահովելու պայքարին մէջ ո՛չ մէկ դեդեւում կա՛մ տկարացում պատճառաբանելի ու, մանաւանդ՝ թոյլատրելի է:
Դաշնակցութեան ուժին եւ վճռականութեան աղբիւրը միշտ եղած են եւ են, այսօր եւս, մեր ժողովուրդն ու գաղութային կառոյցները: Շրջանային Ժողովս լաւատես է ու կը հաւատայ, թէ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը վստահաբար կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել՝ բոլորի՛ս ներդրումով ու ճիգերով:
Ա՛յս է օրուան հրամայականը. ա՛յս է օրուան յանձնառութիւնը:
Հաւաքական կամքով ու զօրաշարժով՝ ի վիճակի ենք յաղթահարելու նաեւ ա՛յս տագնապը:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Աթէնք, Փետրուար 2012