ԱԹԷՆՔ, «Ազատ օր».- Յունահայ համայնքը մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուի դիմաւորելու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, որ պատուիրակութեան մը հետ պիտի այցելէ Աթէնք:
Նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէ Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: Այս առիթով ժողովրդային մեծ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 13 Փետրուարին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս: Հաւաքը կազմակերպուած է Յունաստանի ՀՅԴ եւ ՌԱԿ կուսակցութեանց կողմէ միասնաբար: