«Նոր Յառաջ»ի 2011 Նոյեմբեր 29ի թիւին մէջ կարդացի Հայ ոսկեգործներու ընկերակցութեան (AJA) գործունէութեան 15րդ տարեդարձի տօնակատարութեան լուրը, ուր նշմարելի էր նոր ոգեւորութիւն, նոր թափ եւ կենսունակութիւն յառաջ բերող մտածումներու եւ գործառնութիւն ծաւալելու խանդը:
Ատիկա առիթ հանդիսացաւ, որ որոշ ժամանակէ ի վեր մտքիս մէջ իբր անձնական գործի պատկերացում ունեցածս հոս որպէս առաջարկ ներկայացնեմ AJA-ին, որուն նման կազմակերպութեան մը յարմար է:
Ոսկերչութիւնը զարդի, ցուցմունքի բայց մանաւանդ հոգեկան գոհացումի միջոց մըն է եւ շատ շահաբեր գեղարուեստական արհեստ է: Կրնանք ըսել, որ ան մեր ազգային արհեստն է:
Ծնողները իրենց զաւակները վարպետներու կը յանձնէին՝ «միսը քեզի, ոսկորը ինծի» ըսելով, որովհետեւ իւրաքանչիւր արհեստ մեր դաստակին վրայ «ոսկի ապարանջան» մըն է:
Հայ ոսկեգործներու AJA ընկերակցութիւնը ստանձնած է աշխարհի բոլոր կողմերու իր անդամներուն, մեծ ու փոքր գործարարներուն, առանձին արհեստաւորին սատար կանգնելու առաքելութիւնը՝ որպէս մեծ ուժ ներկայանալու նպատակով: Ուրեմն ընկերակցութիւնը՝ շարժելով գործատիրոջ մը մտայնութեամբ, նախ եւ առաջ պէտք է հիմնէ ոսկերիչներու յատուկ եւ անհրաժեշտ ամէն տեսակ գործիքներ եւ յարակից սարքեր վաճառող համաշխարհային մեծ հաստատութիւն մը: Այս մէկը մեծաքանակի՝ շուկայի սովորական գիներէն աւելի աժան սակերով վերոնշեալ անհրաժեշտ սարքաւորումը պէտք է կարենայ հայհայթել իր 3000 անդամներուն, որոնք պարտին 1000 տոլարնոց բաժնեթուղթեր (ոսկերիչներուն համար՝ համեմատաբար մատչելի) գնել: Ատիկա պիտի ըլլայ միայն խելացի եւ հեռատես ներդրում մը, քանի ապագային անոնք պիտի կարենան ամէնէն յարմար գիներով իրենց կարիքները ապահովել՝ համաշխարհային կեդրոնական քաղաքներու մէջ AJA-ի բանալիք այդ խանութներէն: Իսկ բաժնեթուղթ չունեցողներուն եւ օտարներուն կիրարկել աւելի բարձր գիներ, ձեւով մը՝ զանոնք՝ անդամ դառնալ պարտադրելու համար:
AJA-ն շատ դիւրաւ կրնայ մեծածաւալ պատուէրներով՝ վերոյիշեալ կազմածները գնել 35էն 45 տոկոս զեղչուած գիներով եւ իր խանութներուն մէջ փոքր շահաբաժինով մը զանոնք վաճառել իր անդամներուն: Յիշեցնենք, որ շուկային վրայ որեւէ ապրանք իր նախնական արժէքին բաղդատմամբ՝ 100էն 200 տոկոս գինով կը վաճառուի:
AJA-ն, յաջողցնելու համար իր գործունէութիւնը, պիտի ուռճացնէ իր հիմնադրամը՝ անդամներէն գալիք տարեկան 3,000,000 տոլար հասոյթով, յաւելեալ՝ վաճառուելիք ապրանքներէն հասնելիք գումարներով:
Այսպէս, անոր հիմնադրամը աւելի զօրանալով՝ շատ դիւրաւ կրնայ անցնիլ երկրորդ հանգրուանին, այսինքն՝ AJA-ն աշխարհի մեծ հաստատութիւններէն գնած պիտոյքները ի՛նք կ՛արտադրէ:
Հայաստանի մէջ, իրեն տրամադրելի ազատ գօտիին մէջ գործատուներ կառուցելով Հայաստանի հազարաւոր հայրենակիցներու աշխատանք կ՛ապահովուի: Միայն այն պայմանաւ, որ արտադրութիւնը ըլլայ համաշխարհային չափանիշերով որակաւոր, որպէսզի յաճախորդին, գնողին առաջին տպաւորութիւնը ըլլայ դրական, լաւ ազդեցութիւն գործէ անոր վրայ: Այս մէկը շատ կարեւոր հանգամանք մըն է AJA-ի յաջողութեան հասնելուն առումով:
Ակնյայտ է, թէ AJA-ի գործադիր անդամները բոլորն ալ իրենց անձնական ընկերութիւնները եւ գործերը ունին, չեն կրնար անձամբ զբաղիլ, բայց կրնան իրենց հաստատութիւններէն մէկական գործունեայ անձ տրամադրելով կազմել AJA-ի գործատիրութեան գործադիր մարմին մը:
Վստահ եմ թէ Հայաստանի մէջ գործին յարմար վարպետներ չեն պակսիր: Այս գործընթացին յաջողութեամբ պսակուելու պարագային, Հայաստանի վարկը պիտի բարձրանայ աշխարհի մէջ, եւ պիտի տիրանայ ոսկեգործութեան արդիւնաբերութեան համաշխարհային կեդրոնի համբաւին:
Ասոր համար կամք, համբերութիւն եւ համերաշխութիւն անհրաժեշտ են:
Յաջողութեան մաղթանքներով:
ՍՐՄԱՔԷՇ
«Նոր Յառաջ»