
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի միութեան (RTNA) տարեկան 62րդ մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Շաբաթ, Յունուար 21ին, վեթերան լրագրող Փիթըր Մսըրլեան ստացած է կազմակերպութեան կողմէ շնորհուող երկու «Ոսկեայ խօսափող» մրցանակներ:
Անցեալ տարի, միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Փիթըր Մսըրլեան հինգ մրցանակներ ստացած էր: Այս տարուան երկու մրցանակներուն հետ, ան ցարդ 10 «Ոսկեայ խօսափող»ներ շահած է:
Մսըրլեան նաեւ Լոս Անճելըսի շրջանային «Էմի» մրցանակներու թեկնածու եղած է չորս առիթներով: