
ԵՐԵՒԱՆ.- Ոչ մետաղեայ հանքանիւթերու վերամշակման խնդիրներուն մասին լսումներ կատարելու նպատակով, ոչ մետաղեայ հանքանիւթերու վերամշակման մարզին մէջ գործող շարք մը ընկերութիւններու, գիտնականներու եւ բնապահպաններու խնդրանքով՝ ՀՅԴ խմբակցութիւնը նախօրօք դիմում ներկայացուցած էր խորհրդարանի Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնաժողովին, սակայն հանքերու սեփականատէր Վարդան Այվազեանի գլխաւորած այդ յանձնժողովը մերժած էր դիմումը։
Փետրուար 10ին ՀՅԴ խմբակցութիւնը արդէն իսկ կազմակերպած էր արտախորհրդարանական քննարկում, որուն, հակառակ ուղարկուած հրաւէրներուն, չէին մասնակցեր երկրի վարչապետը, բնապահպանութեան, տնտեսութեան, ելեւմտական, ուժանիւթի նախարարներն ու կառավարութեան մաս կազմող խմբակցութիւնները:
Նշենք, որ Հայաստանը շատ հարուստ է ոչ մետաղեայ հանքերով։ Մեր երկրին մէջ տասը տարի առաջ կ՛օգտագործուէին 565 հանքեր՝ 60 տեսակի օգտակար հանածոներով. այսօր օգտագործուող հանքերուն թիւը 670 է:
«Տարեկան 10 նոր հանք է բացւում. ինչպէ՞ս է բացւում, ինչի՞ համար, արդեօք շուկա՞ն է թելադրում դրա անհրաժեշտութիւնը, ինչպէ՞ս են պահպանւում կանոնները, հասարակութիւնը տեղեակ չէ», հարց բարձրացուց ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան:
Ըստ երեւոյթին, այս բոլորը տեղի կ՛ունենան առանց վերահսկողութեան, ինչ որ քանդիչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանի մէջ, եւ այդ մէկը արդէն ամէն օր կը զգացուի։ Իրարու սկսած են հակասել հանքերու շահագործումն ու գիւղատնտեսական գործունէութիւնը, որովհետեւ առաջինին պարագային ատիկա անխնայ է, անարդիւնաւէտ եւ նկատի չ՛առներ գիւղատնտեսութեան զարգացումը:
«Սա չի կարող նորմալ երեւոյթ լինել: Այստեղ է, որ կառավարութիւնը պէտք է պատժի նրանց, ովքեր այսպէս անխնայ են վերաբերւում Հայաստանի ընդերքի հետ», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:
Անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ կարելի ամէն ինչ կատարուեցաւ, նաեւ՝ հանքերու սեփականաշնորհում, որպէսզի կարելի ըլլայ այս բնագաւառը արդիականացնել եւ նոր շուկաներ ձեռք բերել։ Բայց եւ այնպէս Հայաստանը վերածուեցաւ հումքի պարզ մատակարարի։
«Ունենալով այսքան մեծ պոտենցիալ՝ պեռլիտի արտադրութիւն, եւ պահանջարկը եւս կայ, մենք զրօ ենք դարձել: Ո՞վ է խելօք, ո՞վ է յիմար, դուք եզրակացրէք», իր հերթին նշեց «Քար եւ սիլիկատ ինստիտուտ»ի նախկին տնօրէն Սուրէն Գէորգեան:
Շահագրգռուած մարմիններուն կողմէ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուած է խնդիրի կարգաւորման հայեցակարգ, բայց անիկա չէ ընդունուած: Ուժանիւթի նախարարը՝ պատասխանելով այս մասին ՀՅԴ խմբակցութեան հարցումին, կարեւոր նկատած էր միջազգային փորձառութեան փոխանակումը:
«Ցոյց տուէք մի նամակ նախարարութիւնից, մտցրէք աչքս, ըստ որի, ինչ-որ մէկը գնացել է փորձի փոխանակման՝ Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա եւ այլուր: Ես վստահ եմ՝ չկայ», ըսաւ Սուրէն Գէորգեան, որուն համաձայն, ոլորտը չի զարգանար հիմնական մէկ պատճառով՝ անգրագիտութեան:
ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան կազմակերպած նշեալ քննարկման մասնակիցները հանդէս եկան յստակ երեք առաջարկով. ոչ մետաղեայ հանքանիւթերու վերամշակումով նոր արտադրութիւններու կազմակերպումը նկատել տնտեսութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւն, այս ծիրին մէջ գործող ձեռնարկութիւններուն համար ստեղծել գործունէութեան բարենպաստ, խրախուսիչ միջավայր, ներառեալ՝ պետական բաժնեմասնակցութեամբ, եւ ընդունիլ ոլորտի հեռանկարային զարգացման հայեցակարգը:
Առաջարկները պիտի ներկայացուին կառավարութեան եւ հաւանաբար այս անգամ իշխանամէտ մտածողութիւնը յաղթէ անգործութեան: «Մարդիկ, ովքեր սա անում են, այս հայրենիքի յաւերժութեանը չեն հաւատում, նրանց համար մէկ է՝ նրանք կը թալանեն, յետոյ այդ փողերով կը գնան Չելեաբինսկում խորովածանոց կը բացեն, նրանք հայրենիք չունեն, բայց մենք ունենք ու մենք թոյլ չենք տալու, որ մեր հայրենիքն այսպէս անխնայ կերպով թալանուի», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան: