ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիանաու».- Հայաստանի մէջ ե՛ւ քաղաքական գործիչները, ե՛ւ վերլուծաբանները Կիրակի Հրազդանի մէջ կայանալիք քաղաքապետի ընտրութիւնները կը նկատեն նախափորձ՝ Մայիսին կայանալիք ընտրութիւններու:
Կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են Հրազդանի գործող քաղաքապետ, հանրապետական Արամ Դանիէլեան, որ արդէն տասը տարիէ կը ղեկավարէ քաղաքը, եւ ՀԱԿի ներկայացուցիչ, նախկին պատգամաւոր եւ ՀԱԿի անդամ Սասուն Միքայէլեան: Հրազդանի մէջ արձանագրուած է 44,500 ընտրող, սակայն ընտրողներուն գրեթէ 40 տոկոսը կը բացակայի քաղաքէն:
Ընտրական եւ քաղաքական գիտութիւններու փորձագէտ Արմէն Բադալեանի համաձայն, այս ընտրութիւնները շատ կարեւոր են երկու քաղաքական ուժերուն համար՝ ճարտարագիտական եւ քաղաքական իմաստով: «Այս ընտրութիւնները Ազգային ժողովի ընտրութիւններից առաջ բաւական կարեւորագոյն ստուգարք են լինելու: Եթէ Հրազդանում անցնի ՀԱԿի թեկնածուն, ապա սա որոշակի ստուգարք կը դառնայ՝ ճշդելու ՀԱԿի՝ որպէս կառոյցի, թոյլ եւ ուժեղ կողմերը զուտ թեքնոլոքիական տեսանկիւնից», կ՛ըսէ Բադալեան:
Փետրուար 9ին Սասուն Միքայէլեան իր նախընտրական հանրահաւաքին ընթացքին մեղադրած էր քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւնները, որոնք կը չարաշահեն վարչական միջոցները՝ ճնշում բանեցնելով քաղաքացիներուն վրայ եւ զանոնք նեղ կացութեան մատնելով: «Եթէ փորձեն լցոնում անել, բաց քուէարկութիւն անել, կարուսել անել, շատ ծանր հետեւանքներ են լինելու: Ես պայքարի մէջ եմ մտել արդար ընտրութիւնների համար, եւ պէտք է արդար ընտրութիւններ լինեն: Եթէ փող են բաժանելու, շատ վատ բան է լինելու, ամէն քայլի գնալու եմ», ըսած է Հրազդանցի 54ամեայ քաղաքական գործիչ Միքայէլեան, որ մեծ թիւով համակիրներ եւ զօրակցողներ ունի։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը նոյն օրը հաստատած է այն տեղեկատուութիւնը, որ իրենք դիմած են Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին՝ առաջարկելով հետեւիլ Հրազդանի մէջ Փետրուար 12ին կայանալիք քաղաքապետի ընտրութիւններուն: Բայց եւ այնպէս, դեսպանատան առաջարկը մերժուած է. Միացեալ Նահանգներու դեսպանի մամլոյ բանբերը դժուարացած է պատասխանելու այն հարցումին, թէ ի՞նչ պատճառով մերժուած է իրենց առաջարկը։