ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Հայաստանի պառլամենտարիզմի կենտրոն» կազմակերպութեան նախագահ Ռուբէն Թորոսեան դիմած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներ Արա Բաբլոյեանը, Հերմինէ Նաղդալեանը, Գագիկ Մելիքեանը եւ Արեգ Ղուկասեանը պատասխանատուութեան կանչելու պահանջով:
Թորոսեանի դիմումին դրդապատճառը ՀՀԿ պատգամաւորներուն կողմէ Փետրուար 9ին ուրիշի փոխարէն քուէարկելն է: Հաղորդման մէջ Թորոսեան յիշատակած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի եւ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի անունները՝ նշելով, թէ անոնք չարաշահած են իրենց պաշտօնական լիազօրութիւնները՝ կարգի չհրաւիրելով օրինազանց պատգամաւորները:
Ռուբէն Թորոսեան այս մասին տեղեակ պահած է նաեւ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը, որուն անդամակցած էր Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը նոյն օրն իսկ:
Տեղի ունեցածին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը՝ մտահոգութիւն յայտնելով այն մասին, որ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին, «քաղաքական փտածութեան տարածման աննախադէպ աստիճան կ՛արձանագրուի»:
Ազգային ժողովը, ուր ներկայացուած են «Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան նորագիրներ հանդիսացող բոլոր երեք կուսակցութիւնները, կը շարունակէ ապաստան տալ ընտրական գողութեան ու քաղաքական խարդախութիւններու:
«Այդպիսի կրկնուող մի դրուագ էլ տեղի ունեցաւ ճիշդ այն օրը, երբ մտադրութիւնների ու սկզբունքների ընդհանուր հռչակագրին միացած երեք կուսակցութիւններին շնորհուեց ԵԺԿ դիտորդի կարգավիճակը», ըսուած է «Ժառանգութեան» տարածած յայտարարութեան մէջ:
Ընդդիմադիր կուսակցութեան համաձայն, խորհրդարանի ղեկավարութիւնը եւս իր լռութեամբ «բացայայտ կեղծիքներու մեղսակից դարձած է»:
«Ժառանգութեան» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Լարիսա Ալաւերդեան Փետրուար 10ին պահանջեց, որ իշխող կուսակցութեան ղեկավարը արձագանգէ Ազգային ժողովին մէջ խախտումներով իրականացած քուէարկութեան արդիւնքներուն։ Բայց եւ այնպէս, եւ հակառակ անոր որ քուէարկութիւնը պատկերող տեսանիւթ կայ, Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Գալուստ Սահակեան ըսաւ, թէ չի կրնար հաստատել կամ հերքել ուրիշի փոխարէն քուէարկութեան դէպքերը։
Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի ձեւակերպմամբ՝ «Հանրապետականը ուժ է՝ ուժի զօռով»։ Ան նշեց. «Առաջին դէպքը չէ, ի հարկէ: Եղել են աւելի արտառոց վայրագութիւններ: Բայց փորձել յաղթահարել սեփական անզօրութիւնը՝ տասը մարդու փոխարէն կոճակ սեղմելով, սա բնութագրում է ոչ միայն կոնկրետ սեղմողներին կամ նրանց ֆրակցիան: Սա ամբողջ քաղաքական համակարգի մասին է խօսում: Այսինքն, եթէ դու նպատակիդ հասնելու համար կարող ես թքել եւ շրջանցել օրէնքը, ինչո՞ւ պիտի ես հաւատամ, որ դու արդար ընտրութիւն ես անցկացնելու Հայաստանում»:
Հանրապետական պատգամաւորներու Փետրուար 9ի վարքագիծը Փետրուար 10ին քննադատեց «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւս: Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Սամուէլ Բալասանեան ըսաւ. «Մենք դատապարտում ենք եւ ասում ենք, որ բոլորը պէտք է գան եւ քուէարկեն իրենց փոխարէն: Բայց երէկուայ հետ կապուած՝ այդ ընդհանուր շոուն, այդ սցենարները, չգիտեմ, այդ վէճ ու վիճաբանութիւնը անիմաստ էր»: