ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիանաու».- Այս շաբաթ Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ քանի մը ցնցում՝ Թուրքիոյ մէջ նախորդ տարուան աւերիչ երկրաշարժէն ետք հաստատուած յարաբերական հանդարտութենէն ետք:
Անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 23ին Վանի մերձակայքը արձանագրուած 7.1 աստիճան աւերիչ երկրաշարժէն ետք, որուն զոհ գնաց աւելի քան 600 անձ, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին յետցնցումները երբեք չեն դադրած։
Վերջին ցնցումը Հայաստանի մէջ արձանագրուած է Ուրբաթ, 10 Փետրուարի առաւօտեան՝ 2.7 աստիճանով, որուն կեդրոնը Ապարան քաղաքէն (Երեւանէն մօտ 60 քլմ. դէպի հիւսիս) 11 քլմ. հիւսիս-արեւելք էր: Ըստ երկրաշարժի պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան տուեալներուն, երկրաշարժի ուժգնութիւնը կեդրոնական գօտիին վրայ կազմած է 3-4 բալ:
Նախորդ երկրաշարժը հանրապետութեան մէջ եղած էր Երեքշաբթի օր՝ Մասիս քաղաքէն (Երեւանէն մօտ 15 քլմ. դէպի հարաւ) 5 քլմ. հարաւ-արեւմուտք՝ 2.7 աստիճանով, որուն կեդրոնը կը գտնուէր 10 քլմ. խորութեան վրայ, իսկ երկրաշարժի ուժգնութիւնը կեդրոնական գօտին վրայ կազմած էր 3-4 բալ:
Երկրաշարժը զգացած են նաեւ Երեւանի, Մասիսի եւ Փարաքարի մէջ՝ 3 բալ ուժգնութեամբ, ինչ որ խուճապ յառաջացուցած է այդ շրջաններու բնակիչներուն մօտ:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան համաձայն, վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող երկրաշարժերը, ըստ մասնագէտներու, «մեր տարածքին բնորոշ երկրաշարժի աշխոյժութեան ֆօնային դրսեւորումներ են»: