
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը յայտարարուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր: Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին աւանդաբար ամէն տարի մեծ շուքով կը նշէ այս տօնը:
Նախատօնակին՝ Փետրուար 3ի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արժանթինի Հայոց թեմի՝ Քորտոպայի հոգեւոր հովիւ Երեմիա քհնյ. Խաչատրեան:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան: Հաւատացեալներուն Սուրբ Սարգիսին կեանքը ներկայացուց Յովհաննէս սրկ. Գումրուեան, այնուհետեւ երիտասարդները համախմբելու անկեղծ յորդորով հանդէս եկաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի երիտասարդուհիներէն Աննա Առաքելեան:
Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ երիտասարդներու օրհնութեան մասնաւոր կարգ, որուն ընթացքին օրհնուեցան աւանդական աղաբլիթները եւ բաժնուեցան հաւատացեալներուն: Ապա սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը, որով յորդորեց աներեր հաւատքով ապրիլ աստուածապարգեւ կեանքը, հաւատարիմ մնալ Էջմիածնասփիւռ հոգեւոր լոյսին եւ ազգային սրբազան աւանդութիւններուն:
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ «Ղազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Սուրբ Սարգիսի «հալվա»ի հիւրասիրութիւն: